Նախագահ Բակօ Սահակեան Այցելած է Արցախա-ատրպէյճանական Սահմանագիծ

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Հոկտեմբեր 8-ին այցելած է արցախա-ատրպէյճանական սահմանագիծի որոշ հատուածներ, տեղւոյն վրայ ծանօթացած զինուորներու ծառայութեան ընթացքին եւ տիրող իրավիճակին:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը, նախագահին կ՛ուղեկցէին պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան, պաշտօնատար այլ անձիք: