Անկրկնելի Առասպելը Հեռացա՜ւ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՔԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ
Ապագայ լրագրող

Ու մահուան դառն կենացը ա’ն ալ խմեց… ու հեռացա՜ւ… անվերադարձ:

Ցեղասպանութենէ ճողոպրած համեստ ընտանիքի զաւակ` Շահնուր Ազնաւուրեան ծնած է Ֆրանսա, 22 մայիս 1924-ին: Արուեստի կեանքին ծանօթանալով` ինն տարեկանին կը հեռանայ դպրոցէն եւ յաջորդող տարիներուն բեմեր բարձրանալով, շուտով կը կրէ Շարլ Ազնաւուր բեմական անունը:

Ազնաւուր համաշխարհային հռչակ կը ստանայ 1956-ին, Փարիզի «Օլիմփիա» դահլիճի յաջող ելոյթէն ետք: Այս յաջողութեան անդրադառնալով` ֆրանսական մամուլը կ՛արձագանգէ հետեւեալ կերպով. «Ֆրանսան ազնաւուրացուած է»: Ան կը դառնայ շուրջ հազար երգի հեղինակ (մէկ մասը` երգահան Ժորժ Կառվարենցի հեղինակութեամբ) եւ կ՛արձանագրէ աւելի քան 1200 երգ:

ֆրանսահայ նշանաւոր երգիչ, երգահան, գրող եւ դերասան Ազնաւուրը իւրայատուկ էր

ձայնով, որ կը զատորոշուի բոլոր այլ ձայներէն: Ան արուեստագէտ չէր միայն… ան մարդկային իրաւանց հսկայ պաշտպան էր: Քաղաքական ներկայացուցիչ ըլլալէ անդին` Ազնաւուր հասարակական գործիչ էր, ինչպէս նաեւ` լռելեայն բարերար: Աւելի՛ն. ան հռչակուած է Հայաստանի Ազգային հերոս:

Ազնաւուր ֆրանսացի էր, այո՛, սակայն ան երբեք մոռցած չէր իր հայ ըլլալը: Ըստ իրեն, ինք հարիւր տոկոս ֆրանսացի եւ հարիւր տոկոս հայ էր: Անոր երակներուն մէջ հոսող հայկական սուրբ արիւնը զայն կապած էր Հայաստանին ու հայութեան: «Անոնք ինկան» իր երգով Ազնաւուր միջազգային բեմ բարձրացուց Հայոց ցեղասպանութիւնը, իսկ 1988-ին Հայաստանը ցնցող երկրաշարժի զոհերուն նուիրեց «Քեզի համար Հայաստան» փշաքաղիչ երգը:

Ազնաւուր երգեց մինչեւ վերջին շունչ… անոր երազն էր բեմ բարձրանալ մինչեւ իր 100-ամեակը, որովհետեւ ան կը հաւատար, որ միշտ տալիք ունի:

Շարլ Ազնաւուրը ոչ եւս չէ՛: Շարլ Ազնաւուրը 1 հոկտեմբեր 2018-ին` անմահացաւ: 94-ամեայ հայազգի անկրկնելի առասպելը մարդակային պատմութեան մէջ ոսկեայ տառերով կնքեց իր անունն ու մարդկութեան կտակեց անգին ժառանգ: Ան իր 80-ամեայ գործունէութեան ընթացքին երգեց սէր, երգեց կսկիծ, երգեց երջանկութիւն ու կարօտ: Անոր ֆիզիքական կորուստը համամարդկային կորուստ է, որովհետեւ ան կը ներկայացնէ համամարդկային արժէք:

Ուստի, վարձքդ կատար, սիրելի՛ Ազնաւուր: Թէեւ մարմնապէս հեռացար մեզմէ, սակայն ետիդ ձգեցիր մարդու հսկայ տիպար` արժանանալով պատմական անմահութեան: