
Քրտական Հարցը Չի Լուծուիր Առանց Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման. Օքսֆորտի Քիւրտ Հետազօտող
Վերջին տասնամեակներուն ընթացքին քիւրտերը եղած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կողմնակիցները եւ կարեւոր դեր խաղցած են այս գործընթացին մէջ։ Այս մասին՝ «Նոր Սեւան» հայ-արժանթինական խմբագրութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Օքսֆորտի քիւրտ գիտնական, հայագէտ Օզլէմ Պելչիմ Կալըփը:
Ան նշած է, որ քիւրտերը եղած են Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր մեղաւորներէն մէկը. այն քիւրտերը, որոնք չէին ուզեր յարձակիլ հայ խաղաղ բնակիչներուն եւ փախստականներուն վրայ, պատժուած են օսմանեան կառավարութեան կողմէ։
«Բայց շատ քիւրտեր դէմ էին ատոր՝ թաքցնելով, պաշտպանելով կամ ընդունելով հայ փախստականները, փրկելով հայ երեխաներուն կեանքը։ Քիւրտերը վերջին տասնամեակներուն ընթացքին եղած են Ցեղասպանութեան ճանաչման կողմնակիցները։ Քիւրդ քաղաքական գործիչներն ու գիտնականները դատապարտած են իրենց նախնիներուն մասնակցութիւնը ջարդերուն եւ ճանչցած Ցեղասպանութիւնը։
Քիւրտ քաղաքական գործիչները ոչ միայն ներողութիւն խնդրեցին իրենց յանցաւոր նախնիներուն անունով, այլեւ՝ տասնեակ քրտական վէպերով նաեւ ընդգծեցին հայերու ապրածները, ներառեալ` պատմական իրադարձութիւններն ու կենսագրութիւնները:
Քրտական գրական նիւթերը կը պնդեն, որ Թուրքիոյ մէջ քրտական հարցի լուծում չըլլար, եթէ չճանչցուի 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ ատիկա կ՝արտացոլէ քրտական քաղաքականութեան եղաշրջումը։
Քանի դեռ թրքական պետութեան գաղափարախօսութիւնն ու քաղաքականութիւնը չէ փոխուած, չի փոխուիր նաեւ թուրք հասարակութեան մէջ հայերուն ընկալումը։ Թրքական պետութիւնը լրատուամիջոցներու, համալսարաններու եւ նոյնիսկ գրականութեան միջոցով նպաստեց հակահայկական նախապաշարմունքներու ընդլայնման։ Ցեղասպանութենէն ետք Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ հայ ըլլալը երբեք դիւրին չէ եղած։
Հրանդ Տինքի սպանութիւնը առաջին անգամ ընդգծեց Հայկական հարցը Թուրքիոյ մէջ՝ յառաջացնելով աղմկայարոյց խաղեր մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան վրայ աշխատող աքթիւիստներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ։ Թուրքիոյ մէջ անհաւասարութեան, գրաքննութեան եւ ճնշումներու դէմ պայքարելու համար ստեղծուած բազմաթիւ քաղաքացիական խումբերու եւ նախաձեռնութիւններու համար այս սպանութիւնը մեկնարկային կէտ էր:
Թշնամական հակահայկական ազգայնական հռետորաբանութիւնը կ՝անցնի թրքական գրական կանոնով 20-րդ դարու սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը։ Անիկա յատկապէս աշխուժացաւ Արցախեան պատերազմէն ետք՝ Եւրոպայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրաւական քննարկումներու ժամանակ եւ Ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցին ընթացքին»,- կը նշուի հարցազրոյցին մէջ։