Ախալքալաքցի Արամ Խրիկեանը Եւրոպայի Առաջնութեան Յաղթած է Թուրք Մրցակիցին

Սփիւռք

Մոնթենեկրոյի մէջ կ՝ընթանայ Եւրոպայի բռնցքամարտի առաջնութիւնը երիտասարդներու միջեւ: Հոկտեմբեր 18-ին, ախալքալաքցի երիտասարդ բռնցքամարտիկ Արամ Խրիկեանը յաղթանակ արձանագրած է քառորդ եզրափակիչին՝ Թուրքիոյ ներկայացուցիչին հանդէպ 57 քկ քաշային կարգի մէջ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Jnews.ge-էն։

Եւրոպայի բռնցքամարտի երիտասարդներու առաջնութեան կը մասնակցին 38 երկրի բռնցքամարտիկներ: Վրաստանը կը ներկայացնեն 9 մարզիկներ, որոնցմէ 2-ը՝ Ջաւախքէն. Արամ Խրիկեանը Ախալքալաքէն եւ Վանուհի Մանասեանը՝ Նինոծմինդայէն:

Հոկտեմբեր 18-ին՝ առաջնութեան չորրորդ օրը, Վրաստանը ներկայացնող 6 բռնցքամարտիկներն ալ մենամարտերը աւարտած են յաղթանակով: Առաջնութիւնը կը շարունակուի, եւ մարզիկները կը շարունակեն պայքարիլ ախոյեանութեան համար: