Ինչո՞ւ Պիտի Խեղճանանք, Եթէ Մենք Մեր Հողին Վրայ Ենք. Անդրանիկ Չաւուշեան

Հայաստան, Սփիւռք

Աղաւնոն Ազրպէյճանին յանձնուած Քաշաթաղի շրջանի 54 համայնքներէն մէկն է, որ դեռ չէ հայաթափուած: Կարմիր կտուրներով գիւղին մէջ կ՝ապրի 170 մարդ, բնակեցուած է 47 տուն: Ազրպէյճանցիներով շրջապատուած գիւղին մէջ ապրիլը դիւրին չէ, աւելին՝ հերոսութիւն է: Կտոր մը հաց վաստակելէն մինչեւ անվտանգութիւն՝ պայքար է, բառի ամենալայն իմաստով: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Hraparak.am-էն։

«Սովորական իրավիճակ չէ, Աղաւնոն արդէն կղզիացած է, շրջապատուած ենք թշնամիի դիրքերով: Ասիկա սովորական երեւոյթ չէ: Առաջ գիտէինք, թէ գիւղին վարչական տարածքը մինչեւ ուր է, ուր մեր անասունը ազատ կ՝արածէր, հիմա կը պարզուի՝ ուրիշ տեսակի անասուններով շրջապատուած ենք: Արօտավայրերը այնքան փոքրացած են, որ խոշոր եղջերաւորներ պահելը դարձած է անհնար»,- Սերոբ Մարութեանին ըսած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Արցախի Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնօ համայնքի ղեկավար Անդրանիկ Չաւուշեան:

Անասնագողութիւնը դարձած է ազրպէյճանցիներու զբաղումներէն մէկը: Չաւուշեանի խօսքով՝ տարած անասունը ետ չի վերադարձուիր: «Երեւի անօթի կը մեռնին. կենդանին կը մորթեն, թափոններն ալ ցուցադրական կը նետեն գետը, որ տեսնենք»:

Իշխանութիւններէն անտեսուած եւ օտարացած Աղաւնոյի մէջ կ՝ապրին սրտացաւ անհատներու օժանդակութիւններով: Խօսքը միայն նիւթական օժանդակութեան մասին չէ: Մէջբերելով չինական իմաստութիւնը, Չաւուշեան կ՝ըսէ՝ ոչ թէ ձուկ կու տանք, այլ՝ կարթ:

«Լաւաշի փուռ ստեղծած ենք, որ կիները աշխատին: Յառաջիկային ալ արտել պիտի հիմնենք: Պատրաստ արտադրանքը իրացնելու տեղեր ունինք…, պէտք է ինքնակազմակերպուինք, որ ապրինք»: Աղաւնոյի պիւտճէն, ըստ Չաւուշեանի, սրտացաւ ու ազնիւ հայերն են: Նաեւ անոնց շնորհիւ է, որ գիւղը դեռ կը շնչէ: Եթէ մղումները ազնիւ են, պարզուած ձեռքը օդը չի մնար: «Մագնիսը չի նայիր մետաղը ինչ գոյնի է. կը քաշէ: Մենք ալ եթէ կը զգանք, որ նպատակը արդար է, կուսակցական պատկանելութեան չենք նայիր…»:

Աղաւնոյի շնչառութիւնը բացուած է դպրոցին շնորհիւ: Կրթօճախի շէնքը վերանորոգած, կարգի բերած են, ուր մօտ 50 աշակերտ արդէն դաս կ՝ընէ: Ծրագրերուն մէջ մանկապարտէզի շինարարութիւնն է ու գիւղին ջուր հասցնելը: «Պէտք է կարենանք ինքնաբաւ ըլլալ, որ այլեւս չսպասենք օգնութեան: Մենք մուրացկան չենք, ոչ ալ ծնկաչոք ապրող: Եւ ինչո՞ւ պէտք է խեղճանանք, եթէ մենք մեր հողին վրայ ենք»:

Լիբանանէն Արցախ տեղափոխուած Անդրանիկ Չաւուշեանը Եւրոպա հաստատուելու հնարաւորութիւն ունի, բայց չ՝երթար: «Սկիզբէն ալ գիտակցած եմ, որ պատերազմող գօտի կու գամ, եւ պատրաստ եղած եմ հնարաւոր վտանգներուն: Ձգտումս Արցախի մէջ ապրիլն ու այս հողը շէնցնելն է: Այսքանէն ետք չեմ կրնար մեր զինուորներուն արեամբ շաղախուած հողը ձգել ու երթալ: Չէ՞ որ հողը ոչ միայն արիւնով կը պահեն, այլեւ՝ ապրելով»:

Սերոբ Մարության