Արման Թաթոյեան Հայ Դատի Խորհրդաժողովին Պիտի Մասնակցի

Հայաստան, Սփիւռք

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ մէջ իր սկսած համայնքային խորհրդաժողովներուն տասնամեակին առիթով կայանալիք ձեռնարկին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Հայաստանի մարդկային իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան։

Համաճարակին պատճառով, որոշուած է այս տարուան խորհրդաժողովը իրականացել «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկի պարտէզին մէջ։ Սովորաբար շաբաթավերջի մը վրայ երկարող այս տարուան խորհրդաժողովը միօրեայ պիտի ըլլայ։

Հայ Դատը Թաթոյեանը Քալիֆորնիա հրաւիրած է երկու շաբաթեայ շրջապտոյտի մը համար եւ Կիրակի, 21 Նոյեմբերին, անոր ի պատիւ ճաշկերոյթ մը պիտի կազմակերպէ ։ Մասնակցութեան սակը 150 տոլար է եւ տեղերը սահմանափակ են։ Տոմսեր ապահովելու համար այցելել www.ancawr.org/grassroots Կայքէջը։

«Իր պաշտօնը ստանձնելէ ի վեր, դոկտ․ Թաթոյեան յատկանշական աշխատանք տարած է երկրին մէջ ոչ միայն քաղաքացիներու իրաւունքները պաշտպանելու համար, այլ նաեւ միջազգային մարմիններուն մանրամասնօրէն ներկայացուցած է Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդներուն իրաւանց շարունակուող ոտնահարումները», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։

Խորհրդաժողովին մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ հանրութեան պիտի փոխանցուին աւելի ուշ։