Պատմութիւնը, Նաե՛ւ Մեր, Բեմն է Տիրելու Մղումներու Հետեւանք Ձախողութիւններու (Յ. Պալեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Իշխանութիւնը եթէ տիրապետելու սէր է, այդ կը համարեմ տխմար փառասիրութիւն: Բայց եթէ ան ստեղծագործողի արարք է, ստեղծագործութեան աշխատանք, այն ատեն կը գովերգեմ իշխանութիւնը:

Անթուան տը ՍէնթԷկզիւփերիֆրանսացի գրողԻ դար

            Հեռու կամ մօտ, բայց միշտ ազգի անդամի իրաւունքով,- ոչ որպէս օտար հանդիսատես, օտարի, չեզոքի, թշնամիի կամ բարեսէրի աչքով,- մտածել, խօսիլ, յանդգնիլ եւ գործել: Այս իրաւութեամբ  յանձնառութիւն է: Ո՛չ սոսկ զգացումով հայու, ո՛չ ալ ծագումով հայու:

            Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) պիտի ունենա՞նք ամբոխավարական ինքնագոհութիւնը եւ ամբոխահաճական չարաշահումը գերանցող հասունութիւն, իմաստութիւն եւ քաջութիւն:

            Կենդանական աշխարհին մէջ գոյութիւն ունին բնազդական «իշխելու» վերաբերումներ, ինչպէս, երբ արուն,- կամ էգը,- կը տիրէ իր տեսակի խումբին եւ իր դիրքը կատաղութեամբ կը պաշտպանէ զինք փոխարինելու բնազդով իր դէմ կանգնող յաւակնորդին դէմ: Տիրող արուն (le mâle dominant, անգլերէն ընդունուած ձեւը՝ alpha male) իրաւունք կ’ունենայ խումբի բոլոր էգերուն հետ սերնդագործելու, այս պատճառով ալ բուռն բախումներ տեղի կ’ունենան զօրացած երիտասարդ արուի եւ տիրող արուին միջեւ: Յաղթողը կը տիրանայ բոլոր էգերուն, կ’ըլլայ տիրող արու եւ խումբի առաջնորդ:

            Կենդանական աշխարհին մէջ այս գերիշխանութիւնը բնազդով կարգաւորուած է եւ կը շարունակուի: Հեռատեսիլը պատկերներ սփռած է կապիկներու եւ եղջերուներու կեանքին եւ բնազդի պատճառով անոնց մղած մարտերու մասին:

            Տիրել, սեփականացնել:

            Երբ իշխելու եւ գերիշխելու հարցը կը հասնի մարդուն եւ մարդկային ընկերութեան, ան կը ստանայ բազմաթիւ ձեւեր, կ’արտայայտուի տարբեր մարզերու մէջ, քանի որ մարդկային ընկերութեան ծիրը շատ լայն է, քաղաքակրթութիւնները եւ մշակոյթները այլազանութիւն կ’ընծայեն, կը ձեւաւորեն, եւ մարդուն բոլոր վերաբերումները, բնազդը գերանցելով, կը բազմապատկուին, կը մոռնանք նոյնիսկ, որ այսօրուան հակամարտութիւններուն արմատը եղած է անասնական բնազդը: Ինքնահաստատում եւ ինքզինք իրագործելու ձգտում պէտք չէ շփոթուին տիրելու մղումին հետ:

            Պլէզ Փասքալ, ֆրանսացի ներհուն իմաստասէրը ըսած է, որ «մարդը ոչ հրեշտակ է, ոչ անասուն, եւ երբ կ’ուզէ հրեշտակ ըլլալ, կ’ըլլայ անասուն»: Ի՜նչ սխալներէ կրնայինք խուսափիլ, եթէ մտածէինք Փասքալի հետ, մնայինք մարդկային իրաւութեան սահմաններուն մէջ, եթէ այդ իմաստութեամբ առաջնորդուէինք, պզտիկ եւ մեծ աքլորակռիւներ չէինք ունենար, որոնք մարդու պարագային, աթոռակռիւ են, դիրքապաշտութիւն, եսերու հանդէս, եւ հուսկ՝ պատերազմներ: Մեծեր եւ պզտիկներ, թաղեր, քաղաքներ, երկիրներ:

            Գերմանացի իմաստասէր Ֆրետերիք Նիցչէ, իր կարգին, այս կացութիւնը կը սահմանէ հետեւալ ձեով. «Մարդը պարան մըն է ձգուած անասունին եւ գերմարդուն միջեւ»:

                        Ողբերգութիւնը կը սկսի եւ դժբախտացնէ մարդկութիւնը, երբ առակագիրին գորտը կը փորձէ կով ըլլալ… ինչ որ մարդկային հաւաքականութիւններու  դժբախտացման պատճառ կ’ըլլայ: Այս տեսնելու համար միշտ պատուհանէն դուրս պէտք չէ նայիլ:

            Վերջին տարիներուն սովորական դարձաւ syndrome բառին գործածութիւնը, որուն հայերէն թարգմանութեան համար կ’ըսուի համախտանիշ: Ընկերութիւններու մէջ գոյութիւն ունեցող hubris ախտանիշի մասին կը խօսուի, անոր սահմանումներ կը տրուին, syndrome d’hubris, ախտանիշ՝ իրականութիւնները չտեսնելու զգացողութեան, հակադրութիւններու հանդէպ անհանդուրժողութիւն, ինքնահիացում, իշխանութեան չարաշահում, անխորհուրդ նախաձեռնութիւններ: Եսակեդրոն մարդու մտային հիւանդութիւն է այս ախտը, որ բոլոր տեսակի իշխանութիւններուն կ’առնչուի, որ յանձնապաստանութիւն է, որ կը պարփակուի անձին մէջ, կ’ընդայլնի ընտանիքով եւ քիչ մըն ալ, ինչպէս կ’ըսուի՝ «խնամի-ծանօթ-բարդեկամով» (ԽԾԲ), ֆրանսացին կ’ըսէ՝ copinage: Իշխանութեան գինովութիւն, որ ի վերջոյ կը յանգի սխալ որոշումներու կայացման: Տիրելու եւ տիրողի այս համախտանիշը մարդկութեան մշակոյթին մէջ կը ստանայ տարբեր ձեւեր, կ’ըլլայ բազմազան, կը դադրի սոսկ բնազդ ըլլալէ:

Փասքալմեծերու դիրքի մասին իր գրութիւններուն մէջօգտակար կը համարէր ապագայ հզօրները դաստիարակել, անոնց յիշեցնելով, որ իշխանութեան տիրացումը ամէն բանէ առաջ կախում ունի դիպուածէնԱյսինքն՝ բազմաթիւ ազդակներէորոնք միշտ ալ նախատեսելի չենոր պատահականութիւնը իր դերը կը խաղայՀետեւաբարանհրաժեշտ են գիտութիւն եւ կրթութիւնպատմութեան եւ միւսինմիւսներու ծանօթութիւնՓասքալի իմաստութիւնը առաջնորդող պէտք էր ըլլար բոլոր տեսակի պատասխանատուներուն համարանոնք ըլլան նախագահ թէ նախարարկուսակցապետերզանազան դիրքերու վրայ գտնուողներտնօրէններդպրոց պէտք է ըլլար անցեալին եւ ըլլայ հիմաԱնոր խօսքը առաջնորդող միտք պէտք է ըլլայ բոլոր անոնցորոնք կը խորհինոր իրենք են մեծըճիշդըանսխալականըանփոխարինելինԱսոնք ամէն տեղ ենընկերային համեստ բջիջներէն մինչեւ գերագոյններըՆաեւ մեր «փոքրիկ ածու»ին մէջփոքրիկ եւ փոքրացած Հայաստան եւ գունագեղ սփիւռք(ներ)՝ իր անհամար միութիւններով:

Հետեւինք Փասքալի իմաստութեանԱն կըսէ. «Մանաւանդ դուք ձեզ մի՛ անգիտանաքխորհելով որ ձեր էութիւնը աւելի բարձր է ուրիշներէ»: Այս «աւելի բարձր» ըլլալու համոզումը միշտ աւելի կը շեշտուի անոնց մօտորոնք առաւել կամ նուազ համեմատութիւններով ունին բարդոյթներկը գիտակցինոր իրենցմէ աւելի արժանաւորներ կանեւ անոնց հանդէպ կորդեգրեն բացասական կեցուածքներմիաժամանակ գործիքի վերածելով իրենց մերձաւորները եւ գործակիցներըզանոնք կը համարեն իրենց կամակատարներըԱյսպէս հաստատուած են աւեր գործող մեծ եւ պզտիկ «հեղինակութիւններ», անոնք ըլլան թաղայինթէ պետական մակարդակով:

Պլէզ Փասքալ կը շարունակէ. «… բոլոր զայրոյթներըամէն բրտութիւնեւ Մեծերու ամէն սնափառութիւն կը բխին անկէոր անոնք իրեն զիրենք չեն ճանչնար»… «Մեծերը բաւարար չափով կը յիշե՞ն իրենց մահկանացու ըլլալու կացութիւնը»….

            Շատ հին իմաստութիւն է «Ծանի՛ր զքեզ»ը, որ վերագրուած է Սոկրատի, բայց գրուած է Տելփի տաճարի ճակատին. «Ծանի՛ր զքեզ, եւ պիտի ճանչնաս տիեզերքը եւ աստուածները»…:

Եթէ մարդիկ այս յիշէինմրցակցութիւնները աւելի մարդկային կըլլայինամէն ձեւի չարիք եւ պատերազմներ կը կանխուէինԿարեւորը անկարեւորէն զատելու ողջմտութիւն կունենայինկունենային չափի գիտակցութիւնԿը կենսագործէին ամերիկեան պարզ իմաստութիւնը. «ճիշդ մարդըճիշդ տեղը»… The right man in the right place: Բայց խնդիրը այն է, որ պատեհապաշտներ եւ ձախողածներ ալ կը կարծեն, որ իրենք կը գտնուին իրենց ճիշդ տեղը:

Ամբողջ աշխարհ բռնուած է ընչաքաղցութեանփառասիրութեան եւ տիրելու անզսպելի դարձած կիրքերովմեր գիւղէնթաղէնարուարձանէնքաղաքէներկրէն մինչեւ մոլորակի ամէն կողմերը:

Նաեւինչպէս ըսիմեր «փոքրիկ ածու»ին մէջուր պատմահայր Խորենացիի ըսած «մեծութիւններ»էն զատզանոնք փոխարինող չարութիւնները ընդհանրացած ենՀայաստան եւ սփիւռք(ներ): Կը բաւէոր հայելիին դիմաց կանգնինք եւ ըսենք. «Ծանի՛ր զքեզ»:

            Արգիլուած չէ նաեւ երբեմն լսել խօսքերը անոնց, որոնք մեր ընչքաղցութիւններէն եւ սնափառութիւններէն վեր սաւառանած են: Եւ թերեւս կը հանդիպինք լուսաւոր միտքերու: Ֆրանսացի առակագիր բանաստեղծ Ժան տը լա Ֆոնթէնի առակներէն մէկը, «Երկու ցուլեր եւ գորտ մը», կաւարտի հետեւեալ իմաստութեամբ. «Պզտիկները միշտ տուժած են մեծերու յիմարութիւններէն»:

Այդ յիմարութիւննե՞րը: Յիշենք եւ յիշեցնենք. ընչաքաղցութեան, փառասիրութեան եւ տիրելու անզսպելի դարձած կիրքԱնոնց մէջ ցանցուածներ կոպտօրէն կանգիտանան մարդկայինը եւ իմաստութիւնըկը գործեն այնպէսոր իրենք այդ բոլորէն վեր ենոր անոնք տնտեսապէսհոգեպէս եւ բարոյապէս իրենց կողմէ ստրկացուածներուն մխիթարութեան համար ենձեռնավարուածներունմանիպուլացիայի ենթարկուածներուն:

Կուզեմ եզրակացնելի պէտս ամէն տեսակի «Մեծ»երունԻ դարու ֆրանսացի գրող Հանրի տը Մոնթերլանի դիպուկ խօսքով. «Սնափառութիւնը մարդուն տիրական կիրքն է»:

Եթէ այսքանը հասկնայինքՀայաստան եւ սփիւռքներազգին այսօրը տարբեր կըլլարվաղն ալ՝ տարբերՈրպէսզի վաղը ուշ չըլլայ