Մեր Ապրելու Իրաւունքին Համար Զոհուած Հազարաւոր Որդիներուն Արիւնը Կը Պահանջէ Ոտքի Կանգնիլ. ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ

Uncategorized

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Մէկ տարի առաջ` 2020 թ. Սեպտեմբեր 27-ին, Ազրպէյճանը պատերազմ սանձազերծեց հայկական երկու պետութիւններուն դէմ՝ թիրախ դարձնելով նաեւ խաղաղ բնակչութիւնը, քաղաքացիական բնակավայրերն ու ենթակառուցուածքները։

Պատերազմի սկսելէն ժամեր անց՝ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ-ն յայտարարեց ներքաղաքական պայքարի դադրեցման մասին եւ, կարեւոր համարելով ազգային միասնականութիւնն ու թուրք-ազրպէյճանական յարձակման միասնական ջանքերով դիմակայելու կենսական անհրաժեշտութիւնը, կամաւորագրուելու կոչով դիմեց իր շարքերուն եւ ժողովուրդին, որուն հարիւրաւոր հայորդիներ արձագանգեցին եւ մեկնեցան ճակատ։ 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին մենք իշխանութեան ներկայացուցինք նաեւ իրավիճակի շտկուելուն ուղղուած բազմաթիւ առաջարկներ:

Ցաւօք, իշխանութիւնը անհաղորդ մնաց համազգային համախմբման կոչերուն։ Աւելին՝ երեք տարի շարունակ ներազգային, ներքաղաքական եւ դիւանագիտական ոլորտներուն մէջ անոնց իրականացուցած կազմաքանդիչ գործողութիւնները պատերազմի օրերուն իրենց կործանարար հետեւանքները ունեցան նաեւ ռազմաճակատի վրայ եւ յանգեցուցին աղետալի պարտութեան։

Պատերազմէն մէկ տարի անց կանգնած ենք ճակատագրական հանգրուանի առջեւ՝ խաթարուած ինքնիշխանութեամբ, մարդկային եւ տարածքային ծանր կորուստներով, Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններուն ուղղուած անվտանգային լրջագոյն սպառնալիքներով։

Հայոց պետականութեան գոյութիւնը ապահովելու, Հայաստանի թրքացումը կասեցնելու հրամայականը կը պահանջէ օր առաջ ազատիլ մեզի պարտութեան տարած, մեր համազգային շահերուն դաւաճանած, ՀՀ ինքնիշխանութիւնը, ազգային անվտանգութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը խաթարած իշխանութենէն, որ ունակ չեղաւ երաշխաւորելու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրացումը։

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, մեր քաղաքական օրակարգը նոյնն է։ Մեր ապրելու իրաւունքին համար զոհուած հազարաւոր որդիներուն արիւնը կը պահանջէ ոտքի կանգնիլ՝ կասեցնելու Հայաստանի պետականութեան գոյութեան ուղղուած մարտահրաւէրներն ու ներքաղաքական ճգնաժամը, ամրապնդուած եւ ուժեղ պետականութեամբ հասնիլ արժանապատիւ խաղաղութեան։

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմին

27.09.2021 թ