Արցախեան 44-օրեայ Պատերազին Նահատակուած Հերոսներու Յիշատակի Ոգեկոչման Արարողութիւն Եռաբլուրի Մէջ

Հայաստան

Եռաբլուրի մէջ իրականացած է Արցախեան 44-օրեայ պատերազին նահատակուած հերոսներու յիշատակի ոգեկոչման արարողութիւն, որ կազմակերպուած է ՀՀ ԶՈՒ Գերագոյն Շտաբին կողմէ:

«44-օրեայ մարտական գործողութիւններուն ժամանակ մեր բանակը դիմակայեց ոչ միայն ազրպէյճանական, այլ նաեւ ՆԱԹՕ-ի մէջ երկրորդ ուժեղ բանակը ունեցող Թուրքիային ու ահաբեկչական խմբաւորումներուն: Հայոց բանակի քաջարի մարտիկները ցոյց տուին իրենց ոգիի արիութիւնը, բազուկի ուժը: Հակառակ տարածքային մեծ կորուստներուն, մեր զինուած ուժերը լուրջ վնաս հասցուցին ազրպէյճանական բանակին, որ եւս վերակենդանացման կարիք ունի: Ցաւօք, ունեցանք անդառնալի կորուստներ, եւ ատիկա պէտք է սառնասրտութեամբ ընդունինք: Արժանի ըլլանք մեր մարտական ընկերներու սուրբ յիշատակին»,- նշած է ՀՀ ԶՈՒ Բարոյահոգեբանական ապահովման վարչութեան պետ, գնդապետ Արթուր Պօղոսեան:

ԶՈՒ հոգեւոր հովիւները մատուցած են հոգեհանգստեան կարգ, զինուորական երգչախումբին կողմէ կատարուած է հայկական բանակի հիմնը, իրականացած է մոմավառութիւն: