Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակին Առիթով՝ Հալէպի Մէջ Միջյարանուանական Յուշահանդէս Տեղի Ունեցաւ

Սփիւռք

Հովանաւորութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն, Կիրակի, 25 Ապրիլ 2021-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Հայ Առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ միջ-յարանուանական յուշահանդէս, ներկայութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսին, արժանապատիւ Քահանայ Հայրերու, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, բարեսիրական, մարզական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ ժողովուրդի զաւակներուն: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Գանձասար»-էն։

Բացման խօսք արտասանեց եւ օրուան հանդիսավարութիւնը կատարեց տիկ. Մարինա ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան։

Իր սրտի խօսքը ուղղեց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապետ Վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, յայտնելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մեր հաւաքական յիշողութիւնը այսօր երկու ուղղութեամբ գործունէութիւն կը ծաւալէ՝ մէկը դէպի անցեալ, երբ ցաւով կը յիշենք ու կը յիշեցնենք մեր պատմամշակութային ժառանգութեան, պապենական հողերուն կորուստը եւ մեր ժողովուրդին կրած արհաւիրքը, իսկ միւսը՝ դէպի առաջ, երբ հայկական հարցը կը տեսնենք որպէս գոյութենական, ազգային էութեան եւ հայկական մտածողութեան խնդիր: Հետեւաբար, մեր 1.5 միլիոն սրբադասուած նահատակներուն արեան կանչը մեզ կը հրաւիրէ համախմբուած շարունակելու պահանջատիրութեան մեր երթը:

Վերապատուելի համայնքապետը այս հանգրուանին անհրաժեշտ նկատեց գերազգային դասեր քաղել մեր ունեցած յաջողութիւններէն եւ ձախողութիւններէն, պահելով դրական ուղղութիւնը, որ կու գայ մեր քրիստոնէական հաւատքէն եւ յարուցեալ Փրկիչին զօրութեան ապաւինելով։

Խօսքի աւարտին, Վերապատուելին յոյս յայտնեց Աստուծոյ նախախնամութեամբ հաշուետուութեան օրը տեսնելու եւ հայկական հարցը իր բարւոք լուծումին հասցնելու:

Այնուհետեւ, իր սրտի խօսքը արտասանեց Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհ. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, հաստատելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ ամեակին համախմբուած ենք յիշելու, յիշեցնելու եւ պահանջելու մեր արդար իրաւունքները, հաւատարիմ մնալով մեր 1.5 միլիոն սրբադասուած նահատակներուն կտակին:

Արհիապատիւ Տիրոջ խօսքին բնաբանն էր Ղուկասու Աւետարանի 17-րդ գլխու 5-րդ համարը. «Տէ՜ր, աւելցո՛ւր մեր հաւատքը»: Կատարուած անարդարութիւններուն, հայ ժողովուրդի անմեղ զոհերու թափած արիւնին եւ թուրքին իրականութեան ժխտումին դիմաց Գերապայծառը հայցեց Ամենակալէն, որպէսզի մեր հաւատքը աւելցնէ եւ օգնութեան հասնի մեզի: Ան խնդրեց նաեւ Աստուծոյ պահպանութիւնը այսօրուան հիւանդութիւններէն, տնտեսական ծանր իրավիճակէն եւ մեր դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններէն:

Հետեւաբար, Գերապայծառ Տէրը Քրիստոսի խօսքերը վերյիշեցնելով, յորդորեց ժողովուրդի զաւակները, որպէսզի իրենց հաւատքը զօրացնեն Աստուծոյ վստահելով, ապա աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած հայկական հարցը յանձնեց Աստուծոյ նախախնամութեան:

Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Դպրոցէն օրդ. Շողեր Գերպապեան ֆլիւթի վրայ կատարելով Մարթին Ահարոնեանի «Սուրբերու Աչքեր»ը եւ օրդ. Տեսիլ Սարեան ջութակի վրայ կատարելով Արամ Խաչատուրեանի «Օրօր»ը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ օրդ. Ռուզան Պարսումեանի:

Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղէն Աննա Սաղպազարեան ասմունքեց Յովհաննէս Շիրազի «Ամենայն Սրտով» բանաստեղծութիւնը, ապա ելոյթ ունեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասի երգչախումբը, խմբավարութեամբ՝ բարշ. տոքթ. Սարգիս սրկ. Իսկէնեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ տիար Յովիկ Օհանեանի, յաջորդաբար մեկնաբանելով Ապրիլեան Նահատակաց «Հրաշացան» կանոն շարականը, «Գոչեմք», «Ձօն Նահատակաց» եւ «Զինուորի Մօր Երգը»:

Օրուան խորհուրդը ներկաներուն ուղղեց Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ դպրապետ բարշ. Սարգիս սրկ. Սարգիսեան, յայտնելով, որ հայը կրնայ հիասթափիլ եւ գերհզօր պետութիւններու դիրքորոշումը կրնայ էական նշանակութիւն ունենալ պատմութեան ապագայ հոլովոյթին վրայ, սակայն նախ անհրաժեշտ է, որ մենք ընկալենք ցեղասպանութիւնը, որպէս Հայոց պատմութեան մեծագոյն դասը, որուն դրական դրսեւորման լաւագոյն օրինակը ազգովին տեսանք Սարդարապատի եւ այլ ճակատամարտներու յաղթանակով, անգամ մը եւս հաստատելով որ Հայը ունի պայքարելու ունակութիւն եւ արեամբ պաշտպանելու իր հայրենիքը:

Դպրապետը դիտել տուաւ, որ ներկայիս կը գտնուինք աշխարհաքաղաքական լուրջ փոփոխութիւններու դիմաց, փոփոխութիւններ, որոնք կրնան սուղ արժել մեր արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան վրայ, հետեւաբար պէտք է ազգովին պատրաստ ըլլանք օգուտներ քաղելու, եւ ո’չ թէ նորանոր տուժումներ ստանալու, եւ այդ մէկը պէտք է զուգորդուի համազգային նոր զարթօնքով եւ ռազմավարութեամբ՝ մեր յոյսը չդնելով օտար պետութիւններու վրայ, միասնաբար կառուցելով արժանավայել հայրենիք մը եւպատրաստելով պահանջատէր նոր սերունդ մը՝ զինուած ուսումով, գիտութեամբ եւ տեսլականով։

Անդրադառնալով պահանջատիրութեան երթին, դպրապետը ողջունեց Հայ Դատի գրասենեակներուն տարած աշխատանքը, ջարդարարին կատարած ահաւոր արարքը ճանչցնելու համայն աշխարհին: Իրենց անխոնջ աշխատանքով Սուրիոյ Խորհրդարանը եւս ճանչցաւ եւ ընդունեց Հայկական Ցեղասպանութիւնը, որուն համար ան երախտագիտութիւն յայտնեց երկրիս Վսեմաշուք Նախագահ Դոկտոր Պաշար Հաֆէզ Ալ Ասատին:

Եզրափակելով, ան ընդգծեց, թէ եկեղեցին հաւատարիմ մնալով իր դարաւոր առաքելութեան պիտի շարունակէ գործել յանուն մեր ազգի պատիւին, յանուն հայրենիքի բարգաւաճման, յանուն Հայ դատին եւ Հայ ժողովուրդի բարօրութեան:Աւարտին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն:

Սրբազան Հայրը գնահատեց յուշահանդէսի յաջողութեան նպաստող բոլոր մասնակիցները, ապա յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդը ապրիլեան այս օրերուն աշխարհի տարածքին կը համախմբուի իր 1.5 միլիոն սրբադասուած նահատակներուն շուրջ եւ հաւաքական յիշողութիւնը թարմացնելով միջազգային ընտանիքին իր ձայնը հասանելի դարձնելու աշխատանք կը տանի:

Ան դիտել տուաւ, որ հայը, ուր որ ալ գտնուեցաւ Տէր Զօրի անապատները չմոռցաւ, իր մտքին, յիշողութեան եւ արեան մէջ կենդանի պահեց յարուցեալ ժողովուրդին կտակը եւ Աւետարանէն դուրս զանազան լեզուներով հայութեան պատկանող յարութեան հրաշքին մասին պատգամեց, մեր ցաւը եւ պահանջատիրութիւնը ներկայացնելով անոնց։

Մասիս եպիսկոպոս նշեց, թէ հայը հաւատարմութեամբ, մաքուր նկարագիրով եւ քրիստոնէական սկզբունքներով օրինակելի տիպար հանդիսացաւ եւ կարողացաւ իր արժէքները, լեզուն եւ իր խաչը իր հետ տեղափոխել՝ ըլլալով ջատագովը հայ դատին: «Բարի վարքագիծը, նահատակ ըլլալու իրողութիւնը եւ մեր քաղաքական կազմակերպութիւնները եղան դեսպանները հայ դատի պաշտպանման», աւելցուց ան:

Մասիս եպիսկոպոս յայտնեց, որ թէեւ Արցախը վիրաւոր է, բայց հայուն կամքը զօրեղ կը մնայ։ Ո’չ թուրքին, եւ ո՛չ ազերիին հնարամտութիւնները կրնան մեզ մեր պայքարի ուղիէն շեղել: Սրբազան Հայրը վեր առաւ հայ երիտասարդութեան բերած զոհողութիւնը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, յիշելով Արցախի մեր նահատակները եւ յատկապէս երեք հալէպահայ նահատակները, որոնք եկան փաստելու, որ արեան գնով հայը տէր կը կանգնի իր հայրենիքին եւ ազգային արժէքներուն:

Յուշահանդէսը վերջ գտաւ երեք համայնքապետներու հաւաքական աղօթքով: