«Լոս Անճելըս Թայմզ»ը Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ Կ՛ընէ Պայտընին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

«Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթը 5 Ապրիլին, խմբագրականով մը կոչ ըրաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին, որ «Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու զանգուածային կոտորածէն աւելի քան մէկ դար ետք կատարուածը անուանէ իր ճշգրիտ եզրով` ցեղասպանութիւն»: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ասպարէզ»-էն։

«Ապշեցնող է այն իրականութիւնը, որ հայերուն հետ տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն անուանելու հարցը տակաւին կը քննարկուի», կը գրէ թերթըէ նշելով, որ մարդկութեան դէմ գործուած այդ յանցագործութեան ցաւը աւելիով կը տարածուի, երբ կառավարութիւնները կը յապաղին զայն ճանչնալ:

Յիշեցնելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով Թուրքիոյ մէջ բնակող հայերուն թիւը շուրջ 2.1 միլիոնէն իջած է 389,000ի, թերթը կ՛ընդգծէ, որ Անգարա կը շարունակէ հերքել իրականացած ոճրագործութիւնը:

Թերթը կ՛ողջունէ այն իրողութիւն, որ շատ մը երկիրներ արդարացիօրէն կը ճանչնան Ցեղասպանութիւնը՝ անոր նկատմամբ պաշտօնական դիրքորոշում ընդունելով եւ տեղի ունեցածը Հայոց Ցեղասպանութիւնէ անուանելով:

«Լոս Անճելըս Թայմզ»ի խմբագրականը կ՛աւելցնէ, թէ ՆԱԹՕ-ի դաշնակից Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն սկսած են վատթարանալ, յատկապէս թուրք-ռուսական յարաբերութիւններու սերտացումին հետեւանքով եւ այդ իրականութեան կը կապէ Քոնկրեսին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը 2019-ին։ Սակայն, թերթը կը յիշեցնէ, որ ամերիկեան արտաքին քաղաքականութիւնը որոշողը Սպիտակ տունն է եւ այդ պատճառով յոյժ կարեւոր է, որ Պայտըն ընդունի պատմական իրողութիւնը։