Մարտինի Մէջ Մնացած Միակ Քրիստոնեայ Հայը Ս. Յարութեան Տօնին Հնչեցուցած է Տեղի Հայկական Եկեղեցւոյ Զանգերը

Աշխարհ, Էրկիր

Մարտինի Տերիք գաւառին մէջ ապրող միակ քրիստոնեայ հայը՝ Զաքարիա Սապունճուն (64 տարեկան), ստիպուած եղած է Սուրբ Յարութեան տօնը նշելու իր մահմետական հարեւաններուն հետ։ Զատիկի տօնին առիթով՝ Սապունճուն հնչեցուցած է 317-ամեայ պատմութիւն ունեցող Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցւոյ զանգերը։ Սապունճուն նաեւ մոմ վառած է այստեղ, աղօթած եւ միայնակ նշած Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ գլխաւոր տաղաւար տօներէն մէկը։Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը յայտնէ «Հապերթյուրք» պարբերականը։

Աղբիւրին համաձայն՝ Տերիք գաւառին մէջ ծնած Զաքարիա Սապունճուն մօտ 40 տարի առաջ տեղափոխուած էր Պոլիս, սակայն Մարտինի այս միակ քրիստոնեայ հայը 8 տարի առաջ վերադարձած է Տերիք գաւառ՝ Պոլիս ձգելով իր ընտանիքը։

Սապունճուն իր հայրենի գաւառ վերադառնալէն ետք՝ ամէն տարի՝ միայնակ կը տօնէ Զատիկը։ Քանի որ ան գաւառի միակ քրիստոնեայ հայն է, իւրաքանչիւր տօնի կ՝այցելէ Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցի, կը հնչեցնէ այստեղի զանգը, մոմ կը վառէ ու կ՝աղօթէ։

Ըստ թրքական աղբիւրին՝ Սապունճուի հարեւանները այնուամենայնիւ, տօնի ժամանակ մինակ չեն ձգեր զինք։

Զաքարիա Սապունճուն թրքական պարբերականի թղթակիցին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնած է․

«Ես Տերիքի հայերէն եմ։ Համավարակի պատճառով չկրցայ Պոլիս երթալ՝ այս տօնը նշելու համար։ Այս տարի յիսնօրեայ պահքէն ետք եկեղեցի այցելեցի։ Անցեալ տարի լրիւ մինակ նշած էի այս տօնը, իսկ այս անգամ համերկրացիներս զիս մինակ չի ձգեցին։ Անոնց նրբանկատութիւնը յուզեց զիս։ Անոնք ինծի միացան եկեղեցւոյ մէջ։ Միասին աղօթեցինք։ Իմ երախտիքը կը յայտնեմ համերկրացիներուս։ Աստուած բազում երջանիկ եւ առողջ տօներ տա»։