Արցախի Ճանաչման Վերաբերող Գէորգեանի Եւ Մալումեանի Ֆիլմը Յաղթական

Հայաստան, Սփիւռք

ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի աշակերտուհիներ Սոֆիա Գէորգեանի եւ Անահիտ Մալումեանի պատրաստած վաւերագրական ֆիլմը լաւագոյնը ընտրուած է C-SPAN կայանին կողմէ կազմակերպուած ֆիլմի մրցանքին, որուն կրնային մասնակցիլ Միացեալ Նահանգներու տարածքէն աշակերտներ։

Մրցանքին կազմակերպիչները աշակերտներէն խնդրած էին անդրադառնալ այն նիւթերուն, որոնք պէտք է քննարկուին Քոնկրեսին կամ նախագահին կողմէ։

Գէորգեան եւ Մալումեան իրենց ֆիլմով կոչ ըրած էին նախագահին եւ Քոնկրեսին, որ ճանչնան Արցախի անկախութիւնը, մանրամասնելով նման քայլի մը կարեւորութիւնը։

3000 տոլարի նիւթական մրցանքին կողքին, անոնց Dear Congress and Mr. President, Recognize Artsakh ֆիլմը 18 Ապրիլին պիտի ցուցադրուի C-SPAN-էն։

Նշենք, ու 43 նահանգներէ առաւել քան 2300 աշակերտներ մրցանքին ներկայացուցած էին աւելի քան 1200 ֆիլմեր։