10 Հանրակառք ­Յու­նաս­տա­նէն՝ Ար­ցա­խին

Հայաստան, Սփիւռք

Ար­ցա­խեան վեր­ջին պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին, յու­զիչ ե­ղաւ յու­նա­հա­յու­թեան ար­ձա­գան­գը «­Մենք ենք մեր սահ­ման­նե­րը, բո­լորս Ար­ցա­խին հա­մար» կար­գա­խօ­սով «­Հա­յաս­տան հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րամ»ի հան­գա­նա­կու­թեան, ո­րուն շնոր­հիւ կա­րե­լի ե­ղաւ ա­ւե­լի քան 350.000 եւ­րո­յի հաս­նող նո­ւի­րա­տւու­թիւն­ներ ա­պա­հո­վել Ար­ցա­խի մարտն­չող ժո­ղո­վուր­դին հա­մար։ ­Հա­ւա­քո­ւած գու­մա­րով հնա­րա­ւոր դար­ձաւ Ար­ցա­խին նո­ւի­րել «Hyundai County» մակ­նի­շով տա­սը հանրակառք, ո­րոնց­մէ ա­մէն մէ­կը կրնայ փո­խադ­րել 22 անձ։ Իւ­րա­քան­չիւր ինք­նա­շարժ ար­ժեց 43.000 ա­մե­րի­կեան տո­լար։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազատ Օր»-էն։

Ա­նոնց­մէ ե­րե­քը պի­տի գոր­ծեն Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ, իսկ մնա­ցեալ­նե­րը պի­տի ա­պա­հո­վեն միջ­քա­ղա­քա­յին եւ միջ­գիւ­ղա­կան եր­թու­ղի­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մը։

Այս­պէս՝ ­Մար­տա­կեր­տի, ­Բեր­դա­շէ­նի, Ա­ղաւ­նո­յի եւ այլ հա­մայնք­նե­րու բնա­կիչ­նե­րը պի­տի կա­րո­ղա­նան օգ­տո­ւիլ նոր փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու բարձր ո­րա­կի յար­մա­րա­ւէտ ու­ղե­ւո­րա­փո­խադ­րում­նե­րէն։

­Կապ հաս­տա­տե­լով ­Հա­յաս­տան հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի ­Յու­նաս­տա­նի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ տոքթ. ­Վա­չէ ­Տէր ­Կա­րա­պե­տեա­նին հետ, տե­ղե­կա­ցանք, որ նոր փո­խադ­րա­մի­ջոց­ներ ա­պա­հո­վե­լու լու­ծու­մը ընտ­րո­ւե­ցաւ այն պատ­ճա­ռով, որ վեր­ջին պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին, ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան եւ քա­ղաք­նե­րու ու գիւ­ղե­րու շա­րու­նա­կա­կան ռմբա­կո­ծում­նե­րուն պատ­ճա­ռով փճա­ցաւ հին փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու հա­մա­կար­գը։

­Ներ­կա­յիս, Ար­ցա­խի պե­տու­թեան ան­մի­ջա­կան ծրա­գիրն է երկ­րէն ներս վե­րա­հաս­տա­տել փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու դրու­թիւնն ու ու­ղե­ւո­րա­փո­խադ­րում­նե­րու բնա­կա­նոն ըն­թաց­քը։ Այս պատ­ճա­ռով ալ, նոր ինք­նա­շարժ­նե­րու ա­պա­հո­վու­մը կեն­սա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող մա­տու­ցում մըն է Ար­ցա­խի բնա­կիչ­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք աս­տի­ճա­նա­բար ար­դէն կը վե­րա­դառ­նան ի­րենց օ­ճախ­նե­րը։

Ան­գամ մը եւս շեշ­տենք, որ սոյն ծրա­գի­րը կա­րե­լի ե­ղաւ կեան­քի կո­չել յու­նա­հա­յու­թեան եւ յոյն եղ­բայ­րա­կից ժո­ղո­վուր­դի նիւ­թա­կան ան­վե­րա­պահ օ­ժան­դա­կու­թեամբ, իսկ ա­նոր ի­րա­գոր­ծու­մը ամ­բող­ջա­ցաւ Հիմ­նադ­րա­մի Յու­նաս­տա­նի վար­չու­թեան կող­մէ, ըն­դա­ռա­ջե­լով Ար­ցա­խի պե­տու­թեան ա­ռա­ջար­կին։