ՀՅԴ Հիւսիսային Իրանի Կեդրոնական Կոմիտէն Կը Դատապարտէ ՀՀ Գործող Իշխանութիւններուն Ազգադաւ Վարքագիծը

Հայաստան, Սփիւռք

Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակի նախօրէին ՀՀ վարչապետի աթոռը զբաղցնող անձը՝ Նիկոլ Փաշինեանը եւ իշխանական շրջանակները հանդէս կու գան հայ-թրքական եւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի թշնամական պետութիւններու հետ «ոչ թշնամական» յարաբերութիւններու ձեւաւորման յայտարարութիւններով, եւ «խաղաղասիրութեան» ուղղակի կամ սքողուած ազգադաւ քարոզով, որոնք հեռաւոր աղերս անգամ չունին հայ ժողովուրդի ազգային շահերուն, իղձերուն, նկարագրին եւ արժեհամակարգին հետ:

Ակնյայտ է, որ ՀՀ գործող իշխանութիւնները ոչ միայն չեն գիտակցած եւ չեն վերաիմաստաւորած իրենց անցեալի սխալները եւ անհրաժեշտ հետեւութիւններ չեն ըրած անոնցմէ, այլեւ կ՝երթան նոր՝ աւելի վտանգաւոր սխալներու եւ արկածախնդրութիւններու ճանապարհով, որ կրնայ խիստ բացասական ազդեցութիւն ունենալ հայկական հարցի, Հայ Դատի եւ պահանջատիրական մեր պայքարի վրայ, որուն հիմքը մեր հայրենազրկումն է, եւ որուն այս պատերազմէն ետք աւելցած է եւս մէկ հայրենազրկում՝ Արցախի տարածքի աւելի քան 75 տոկոսի եւ ազատագրուած շրջաններու կորուստի տեսքով։

Կասկածէ վեր է, որ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան չփարատուող մտահոգութեան, ապագայի յստակ տեսլականի բացակայութեան, հայկական իրականութեան մէջ տիրող հիասթափութեան, յուսահատութեան եւ անորոշութեան մթնոլորտի վիճակին, հայ-թրքական եւ հայ-ազրպէյճանական հաշտեցման փաշինեանական ձեւաչափը կրնայ իրականութիւն դառնալ միայն մեր ազգի պատմական յիշողութեան, պահանջատիրական պայքարի եւ ազգային արժանապատւութեան ոտնահարման հաշուին՝ նոր մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնեցնելով հայոց պետականութիւնը, եւ վտանգելով անոր գոյութիւնը ընդհանրապէս:

Եւ քանի դեռ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը չեն փոխած իրենց ընդգծուած հակահայկական քաղաքական ուղեգիծը եւ չեն հրաժարած հայկական պետականութիւնը վերջնականապէս վերացնելու իրենց հրէշաւոր ծրագրէն, յարաբերութիւններու կարգաւորման, սահմաններու բացման եւ հաշտութեան մասին խօսիլը ուրիշ բան չէ, քան դաւաճանական գործողութիւն՝ սեփական Հայրենիքի եւ ժողովուրդի նկատմամբ:

ՀՅԴ Հիւսիսային Իրանի Կեդրոնական կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ եւ կը մերժէ ՀՀ գործող իշխանութիւններուն ազգադաւ վարքագիծն ու «Խաղաղասիրական» կեղծ օրակարգը:

Հարկ կը համարենք մէկ անգամ եւս վերահաստատելու, որ մեր պահանջատիրական պայքարը աննահանջ է, իսկ մեր իրաւունքները՝ անշրջանցելի եւ անժամանցելի:

Վստահ ենք, որ ի հեճուկս այս իշխանութիւններու նուաստացուցիչ վարքագիծին եւ թրքահաճոյ յայտարարութիւններուն, հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր պայքարը՝ յանուն մեր ազգային մեծ տեսլականին՝ Միացեալ Հայաստանի կեանքի կոչման:


ՀՅԴ Հիւսիսային Իրանի Կեդրոնական կոմիտէ
Թեհրան, 07 Ապրիլ 2021 թ.