Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 27-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Պաշտօնական Ընդունելութիւն Թիֆլիսի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Սեպտեմբեր 21-ին, Թիֆլիսի Երիտասարդութեան ազգային պալատի հայելապատ դահլիճին մէջ, ուր 100 տարի առաջ հռչակուած էր Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը, տեղի ունեցած է Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան կազմակերպած պաշտօնական ընդունելութիւնը՝ նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 27-րդ տարեդարձին։ Ընդունելութեան ներկայ եղած են Վրաստանի կառավարութեան անդամներ, խորհրդարանի պատգամաւորներ, քանի մը տասնեակ երկիրներու դեսպաններ ու դիւանագէտներ, հայ եւ վրացի մտաւորականներ, վիրահայ համայնքի ներկայացուցիչներ։ Այս մասին կը յայտնէ Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանատունը։

Իր խօսքին մէջ Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Ռուբէն Սադոյեան նշած է, որ հայ ժողովուրդը դարեր ի վեր երբեք չհամակերպուեցաւ անկախութեան կորուստին հետ եւ մշտապէս պայքարեցաւ ազատ եւ անկախ ապրելու համար, որ ի վերջոյ իրականութիւն դարձաւ 27 տարի առաջ։ Դեսպանին խօսքով՝ անկախութիւնը տարուէ տարի աւելի մեծ կարեւորութիւն եւ նշանակութիւն կը ստանայ հայ ժողովուրդին համար։

Դեսպան Սադոյեան՝ անդրադառնալով մերօրեայ Հայաստանին՝ նշած է, որ անկախութենէն 27 տարի անց ալ Հայաստանի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիները կը շարունակեն կերտել Հայաստանի ապագան՝ այդ կերպով ցոյց տալով ամբողջ աշխարհին, որ ազատութիւնը, ժողովրդավարութիւնը եւ խաղաղութիւնը առաջնահերթութիւններ են Հայաստանի համար։

Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Գիորգի Շարուաշիձէն, իր ելոյթին մէջ, շնորհաւորելով բարեկամ հայ ժողովուրդը, մաղթած է բարգաւաճում եւ նորանոր յաջողութիւններ։ Արտաքին գործոց փոխնախարարը խօսած է հայ եւ վրացի ժողովուրդներու դարերու խորքէն եկող յարաբերութիւններու եւ ընդհանրութիւններու մասին։

Ընդունելութեան ընթացքին, ներկաները ունկնդրած են հայկական ժողովրդական երաժշտութիւն՝ Հայաստանէն ժամանած երաժիշտներու կատարումով։