Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ, Դէպի Ապագայ – Գ. – Արտաքին Հին-Նոր Վտանգներ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ս. Մահսէրէճեան

Հայաստանի Հանրապետութկեան 100-ամեակի նշումը եթէ առիթ է վերադառնալու անոր ստեղծած ու անկէ ժառանգ մնացած արժէքներուն, անժամանցելի աւանդներուն, նոյն ատեն հրաւէր է քաղաքական շրջահայեացութեան եւ իրազեկ ըլլալու այդ օրերէն ի վեր մեր հայրենիքը պաշարող վտանգներուն ու մարտահրաւէրներուն, որոնք կապ ունին Հայաստանի ու մեր ժողովուրդի ճակատագիրին, լինելութեան հետ:

Հանրապետութեան արարման նախօրեակին, անոր կեանքի օրերուն թէ անկումէն ետք, շատ աւելի բացայայտ կերպով կը խօսուէր այդ վտանգներուն մասին, իսկ այսօր կարծէք թէ անոնք որոշ դիմափոխութեամբ կը ներկայանան մեզի` քողարկուած պահելով պատմական խորքն ու տարածքը:

Այդ վտանգներէն առաջինն ու գլխաւորը փանթուրանականութիւնն է, որ այսօր քաղաքական բեմին վրայ կ՛երեւի միայն իր թուրք-ազերիական բարեկամութեան տարազով (թէեւ այդ ալ բաւարար ուժեղ ցնցումներու կ՛ենթարկէ մեր հայրենիքն ու անոր քաղաքական կեանքը, ապահովութիւնը): Այսօր այս վտանգին մասին քիչ կը խօսուի իր բուն` պատմական անունով, որ կը կրէ համաթրքութեան ծրագիրներու խորագիրը: Ատենին մեր պետական ու քաղաքական գործիչները, մտաւորականները չէին վարաներ իր անունով կոչելու այս «ախտը». Հայաստանի անկախութեան հռչակման ու հանրապետութեան կեանքին մասնակիցներէն շատեր իրենց յուշագրութեանց ու վերլուծական յօդուածներուն, հատորներուն մէջ լուսարձակի տակ առած են այդ վտանգը. յիշենք գոնէ երկու անուն` Ռուբէն Տէր Մինասեան եւ իր «Հայաստան միջցամաքային ուղիներու վրայ» հատորը, եւ Զարեւանդն ու «Միացեալ, անկախ Թուրանիա»-ն: Այս հեղինակները, ինչպէս բազմաթիւ ուրիշներ, իրենց օրերուն խորազնին քննարկումներ կատարած են Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանին կազմաւորուած այս գաղափարաբանութեան արմատները պեղելու եւ նպատակները բացայայտելու առումով, դիմած են թրքական աղբիւրներու եւ յուշագրողներու փաստերուն, ցոյց տուած են, որ թուրք պետական մտածողութեան մէջ զարգացած է այն հեռանկարը, որ թրքացեղ ժողովուրդները պէտք է միասնութիւն ստեղծեն, իրականացնեն տարածուն կայսրութիւն մը, որ պիտի ըլլայ փոխարինողը 19-րդ դարու վերջերուն արդէն բացայայտօրէն քայքայումի գացող Օսմանեան կայսրութեան:

Չենք ուզեր այս նեղ սիւնակներուն մէջ կանգ առնել օսմանականութեան ու թուրքիզմի շուրջ ծաւալած «մրցակցութիւններուն» եւ զուգորդութիւններուն վրայ, այլ կը բաւականանանք` շեշտելով, որ Եւրոպայէն դուրս նետուած թրքական կայսրութիւնը աւելի քան մէկ դարէ ի վեր կը հետապնդէ նոր կայսրութեան մը նախագիծը եւ մտահան չէ ըրած զայն իրականութիւն դարձնելու երազը, հակառակ անոր որ աշխարհի ռազմաքաղաքական իրադարձութիւնները յաճախ ստիպած են զայն անթեղուած ու լուսարձակներէ հեռու պահելու, շպարելու:

Իթթիհատականներու օրով շեշտակիօրէն դրսեւորուած այդ ծրագիրին ամէնէն աղէտալի մէկ հետեւանքը կրեցինք մենք` հայերս, այդ օրերու կայսրութեան ամէնէն տկար մէկ օղակն ըլլալով: Այդ ծրագիրին հետեւանքն է Ցեղասպանութիւնը, Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւումն ու հայերէ մաքրագործումը, ապա նաեւ` Սէյմին միացած, անկախութեան հասած ու անկախ պետականութիւնը վերստին կորսնցուցած Հայաստանին ուղղուած թրքական իրերայաջորդ հարուածները: Սարդարապատի նախօրեակին թէ հանրապետութեան կարճատեւ կեանքի օրերուն, թրքական դամոկլեան սուրը միշտ կախուած մնաց մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին գլխուն վերեւ. համաթրքութեան ծրագիրը անուղղակի գործակից մը գտաւ նոր համայնավարացած Ռուսիոյ մէջ` նախկին ցարական կայսրութենէն միանգամընդմիշտ խլելով Կարսն ու Արտահանը. տակաւին, Արցախի ու Նախիջեւանի տարածքներուն Ազրպէյճանի կցումը կարելի է դիտել նոյն այդ քաղաքականութեան լոյսին տակ` Անգարայի եւ Մոսկուայի համախոհութեամբ ու Ստալինի «կնքահայրութեամբ»:

Խորհրդային Միութեան ամրակայումով ու Հայաստանը նորաստեղծ կայսրութեան մէկ բեկորը դառնալով` փանթուրանականութեան վտանգը պահ մը սառնարան դրուեցաւ: Կարելի չէ ուրանալ, որ Մոսկուայի ռազմաքաղաքական հաշիւներուն բերումով, Խորհրդային Հայաստանը այս դիտանկիւնէն ապահովութիւն ունեցաւ շուրջ 70 տարի, եւ թրքական «գորշ գայլը» հարկադրուեցաւ ինքնազսպումի դիմելու, սակայն համաթրքութեան յղացքն ու անոր թելադրանքները ընդհանրապէս պահուեցան դարակներու մէջ, միշտ պատրաստ` դուրս բերուելու եւ կիրարկման դրուելու: Յամենայն դէպս այդ ծրագիրին գործնականացումը բոլորովին չկասեցուեցաւ ու չէ կասեցուած, որովհետեւ Թուրքիա մինչեւ այսօր ալ իր գրաւած հողերուն վրայ հայութեան հետքերուն ջնջումը կը շարունակէ, նոյնը կ՛ընէ Ազրպէյճան` Նախիջեւանի եւ հայութենէն խլուած այլ տարածքներու վրայ, աչքը սեւեռած կը պահէ… Արցախին:

Միւս կողմէ` պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ Խորհրդային Հայաստանի հանդէպ կարմիր Մոսկուայի հոգածութիւնը չէր բխեր Հայաստանի հանդէպ բացարձակ սէրէ մը, այլ նման ընթացք կը համապատասխանէր Ռուսիոյ շահերէն բխող դարաւոր քաղաքականութեան: Ի վերջոյ, համայնավար կայսրութիւնը կոչուած էր ժառանգորդը ըլլալու ցարականին, անկէ ժառանգած էր բոլոր այն հաշիւներն ու կայսերական հեռանկարները, որոնք կը թելադրէին հետամուտ ըլլալ սեփական շահերու եւ այլոց շահերը համակարգելու այդ հաշիւներուն հետ: Հանրապետական Ռուսիան ալ ժառանգորդն է նախորդ վարչաձեւերուն… Այդ շահերուն մէկ արտայայտութիւնն էին, Լոզանի դաշնագիրը կանխող ու անոր յաջորդող տարիներուն,  այսօրուան Հայաստանին սահմանին արեւմտեան գօտիին մէջ «Հայկական օճախ»-ի մը ստեղծման նպատակով տարուած աշխատանքներուն նկատմամբ Մոսկուայի տաք ու պաղ վերաբերմունքները, բայց մանաւանդ Բ. Աշխարհամարտի աւարտէն ետք, հաշիւներու դասաւորման պահուն, Կարսի ու Արտահանի հայկական պահանջին զօրակցութիւնը` կարճ ժամանակի համար. այս խաղաթուղթը շուտով մոռցուեցաւ, երբ կարմիր կայսրութիւնը կէտեր շահեցաւ աւելի արեւմուտք ինկող գօտիներու մէջ` նեղուցներու հարցով… Այսօրուան աշխարհին մէջ ռազմաքաղաքական հաշիւներու հետապնդումը հասած է անջրպետ, սակայն հին խաղին կարգ մը օրէնքները կը մնան ազդու: Ամէնէն աղաղակող օրինակին ականատես ենք Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ ու Թուրքիոյ միջեւ մերթ թշնամանքի, սակայն յաճախ գործակիցի դրսեւորումներուն:

Թուրքիա-Ազրպէյճան հին-նոր զինակցութիւնը գաղտնիք չէ, իսկ Հայաստանի վերանկախացումի նախօրեակէն ի վեր բազմաթիւ բանաւոր ու գործնական դրսեւորումներ ունեցած է: Հայաստան ու Արցախ կը մնան շրջափակուած` այն վախճանական տեսլականով, որ մեր հայրենիքին տնտեսական հիւծումը կարեւոր խաղաթուղթ մը պիտի ըլլայ այդ ծրագիրներուն իրականացման նպատակով: Ազրպէյճանի հետ սահմանային գօտիներուն յաճախակի ջերմացումն ու մերթ ընդ մերթ իրականացող ծաւալուն յարձակումները պէտք է դիտել այս բովանդակութեան մէջ: Թուրքիա այլապէս ալ բացայայտ ու քողարկուած աշխատանքներ կը տանի իր հեռակայ ծրագիրին մէջ տեղ ունեցող թրքացեղ երկիրներուն հետ. աւելի՛ն, իսլամական աշխարհին մէջ չի վարանիր իր «էշը յառաջ քշելու»` Հայաստանը ներկայացնելով իբրեւ անիրաւ, «ազերիապատկան հողեր բռնագրաւող» եւ մասամբ նորին: Այս գետնի վրայ հայկական դիւանագիտութիւնն ու դրական քարոզչութիւնը շատ ընելիք ունին: Անդին, Միջին Արեւելքի վերջին տարիներու ծանօթ զարգացումները յաւելեալ առիթ ընծայած են Թուրքիոյ` վերականգնելու լարախաղացի իր առաքելութիւնը. Անգարա մերթ կ՛օգտագործէ ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցի իր հանգամանքը եւ կը խաղայ արեւմտեան աշխարհի կիսադաշտին մէջ` առաւելագոյնս շահագործելով դաշնակիցներուն բարեմտութիւնն ու հանդուրժողականութիւնը, իսկ պատեհ առիթով, ինչպէս նշեցինք, յանկարծ կը կախուի Ռուսիոյ չուանէն: Ու հայկական բեմի վրայ երբեմն զարմանքով կը դիտուին բարեկամական ու գործակցական այն յարաբերութիւնները, որոնք կը շարունակուին Մոսկուայի եւ անկէ հեռաւորութիւն խաղացող Ազրպէյճանին միջեւ, յառաջ կը քշուին դէպի Արեւմուտք յարելու մտածումներ` մոռնալով, որ ատենին հայ դաշնակիցին զլացուեցան աջակցութիւն եւ զօրակցութիւն` պատճառաբանելով, որ իրենց նաւերը չեն կրնար հայկական լեռնաշխարհ բարձրանալ:

Ժամանակին Հայաստանին սպառնացող անմիջական այս վտանգները ստացան պատկերաւոր բացատրութիւն. թրքական սալի եւ կարմիր մուրճի միջեւ վիճակի պատկերը: Զոյգ վտանգները այսօր ալ կան, այն իմաստով, որ Թուրքիա եւ իր մտապատկերին մէջ դաշնակից նկատուող աշխարհը ի մտի ունի Հայաստանն ու Արցախը վերցնել աշխարհէն, իսկ Ռուսիոյ պարագային, Հայաստան կը պահուի դարաւոր հաշիւներու կիրարկման մէկ յենարանը, որմէ Մոսկուա տրամադիր չէ միանգամընդմիշտ հրաժարելու, որքան ալ գրգռիչ ըլլան Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի թելադրած ախորժակները. նման կեցուածքի մէջ նմանապէս պէտք չէ միայն տեսնել Մոսկուայի հայաստանասիրութիւնը, այլ բացայայտ է, որ այդ քաղաքականութիւնը համապատասխան է առնուազն երկու դարէ ի վեր հետապնդուած հորիզոններուն…

Հայաստանի Հանրապետութիւնը 100 տարի առաջ հերոսաբար դէմ դրաւ փանթուրանականութեան վտանգին, սակայն Երեւանի շուրջ, հիւսիսը եւ Զանգեզուրի մէջ չյաջողեցաւ կասեցնել երկրորդ վտանգը` Կարմիր բանակին յառաջխաղացքը: Անկախ Հայաստանի դաշնակցական կառավարութիւնը ինքզինք գտաւ չարեաց փոքրագոյնը ընտրելու հարկադրանքին տակ եւ համայնավարներուն զիջեցաւ հանրապետութեան անկախութիւնը: Նոյն բեմահարթարումը կը մնայ ի զօրու, թէեւ դերակատարներն ու անունները փոխուած են: Իսկ հակառակ «զօրակայանին» դիտանկիւնէն, այսօր, հրթիռներու դարուն, Արարատի փէշերուն կամ աւելի հիւսիս տեղադրուած արեւմտեան հրթիռները եւ անոնց ետին կանգնող քաղաքական կամքը չեն կրնար հայուն վստահութիւն թելադրել, ինչ ալ ըլլան բաղձանքներուն տարողութիւնը: Այս բոլորին զուգահեռ, համաթուրանականութեան անմիջական վտանգը կայ ու կը մնայ Թուրքիոյ դարակներուն մէջ` անկախ անկէ, թէ անոր ղեկավարը կը կոչուի Աթաթիւրք, Մենտերես, Էճեւիտ, Տեմիրէլ, Էվրեն, Էօզալ, Չիլեր, Կիւլ կամ Էրտողան: Իսկ Ալիեւները միշտ պատրաստ են ընդառաջելու Անգարայի ուղեգիծին:

Այս վտանգին ու անկէ բխող մարտահրաւէրներուն վստահաբար իրազեկ են հայրենի պետական պատասխանատուներն ու կուսակցութիւնները` քաղաքական, դիւանագիտական թէ ապահովութեան նկատումներով:

Փանթուրանիզմը Հայաստանին ու հայութեան գլխուն կախուած սպառնալիք էր հանրապետութեան ծնունդէն առաջ, նոյն սպառնալիքը կը մնայ այսօր, մոգական գաւազանի մը շարժումով պիտի չշոգիանայ վաղը, ինչպիսի «բարեկամական յարաբերութիւններ» ալ որ թելադրուին մեզի` այս կամ այն շաքարապատ թոյնին անուան տակ: 100-ամեայ հանրապետութենէն մեզի հասած աւանդներէն մէկն ալ այն է, որ պէտք է մեր կարելի բոլոր միջոցները լծենք այս ու նման վտանգներու դիմակալման ու յաղթահարման նպատակին` հրաժարելով բոլոր այն քայլերէն, որոնք կրնան երէկի դրական իրագործումները` Սարդարապատի, Զանգեզուրի ու Արցախի մէջ շահուած իրական յաղթանակները նսեմացնել, կորստեան մատնել` այլապէս բարեշրջական քայլերու հետամուտ ըլլալու ընթացքին ներազգային խրամատներ ստեղծելով, գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ: Թուրքիոյ ու անոր գործակիցներուն համար շատ ալ կարեւոր չէ, թէ ո՛վ է Հայաստանի իշխանութեան ղեկը վարողը, կամ արդեօք «թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ն ու նման շարժումներ կրնա՞ն կասեցնել վաղեմի դաւերը:

Համաթրքութեան դէմ Սարդարապատը եղաւ մեր արդիւնաւոր միասնութեան ամէնէն պերճախօս ու գործնական օրինակը: Մեր յառաջիկայ սարդարապատները կը կարօտին նոյն միասնութեան, հեռու` ներազգային ու միջկուսակցական վիհերէ: