«Ֆրանսայի Մէջ Արցախի Օրեր» Փառատօնը Պիտի Եզրափակուի Էքս-ան-Փրովանսի Ձեռնարկներով

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Սեպտեմբեր 21-ին, «Ֆրանսայի մէջ Արցախի օրեր» փառատօնը հիւրընկալուած է ֆրանսական Էքս-ան-Փրովանս քաղաքին մէջ, որուն ծիրէն ներս նախատեսուած ձեռնարկները պիտի շարունակուին մինչեւ Հոկտեմբեր 13:

ԱՀ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Էքս-ան-Փրովանս քաղաքին մէջ, փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցած են Ֆրանսայի մէջ Արցախի հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի անդամ, ծերակուտական Սոֆի Ժուասէն, նախկին քաղաքապետ Ալեն Ժուասէն, Էքս-ան-Փրովանսի քաղաքային խորհուրդի անդամներ, ինչպէս նաեւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ լրագրողներ:

Ծրագիրին ծիրէն ներս կը նախատեսուին Արցախին նուիրուած լուսանկարներու եւ գծանկարներու ցուցահանդէսներ, Արցախի մասին դասախօսութիւններ եւ վաւերագրական ֆիլմերու ցուցադրութիւններ։

Էքս-ան-Փրովանսի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկներով պիտի եզրափակուի «Ֆրանսայի մէջ Արցախի օրեր» փառատօնը, որ սկսած էր 2017 Նոյեմբեր 21-ին, Վիլէորպան քաղաքին մէջ Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հանդիսաւոր ձեռնարկով։ Մօտ մէկ տարի տեւած փառատօնը հիւրընկալուած է Արցախի քաղաքներու հետ բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատած Ֆրանսայի 11 քաղաքներու մէջ, որուն շնորհիւ փառատօնի այցելուները հնարաւորութիւն ունեցած են  ծանօթանալու Արցախի պատմութեան, անոր ժողովուրդի առօրեային եւ հարուստ մշակութային ժառանգութեան։