Լռութեան Պատը Քանդող Հերոսներ. Գէորգ Եագուպեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Գէորգ Եագուպեան

ՀՅԴ ԼԵՄ
Քարոզչական Յանձնախումբ

Ամէն տարի յուլիս ամսուան ընթացքին, ամբողջ աշխարհի հայութիւնը կը յիշէ 20-րդ դարու ամէնէն համարձակ, խենթ եւ միեւնոյն ատեն սուրբ արարքը` Լիզպոնի գործողութիւնը:

Մեր` լիբանանահայ գաղութին, երիտասարդութեան եւ ազգին հերոսներն էին անոնք, որոնք 27 յուլիս 1983-ին` աշխարհը թնդացնելով ցոյց տուին, որ հայը կա՛յ, պիտի մնայ եւ շարունակէ իր պայքարը մինչեւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ու անոր յաջորդող արդար հատուցումը:

Լիզպոնի հինգը իրենց նկարագրային վեհ գիծերով եւ համարձակութեամբ մարմնաւորեցին դաշնակցական մարտական տիպարի գերագոյն յատկութիւնները, ինչպէս` գաղտնապահութիւն, կարգապահութիւն, հնարամտութիւն, ֆիզիքական եւ հոգեկան պատրաստուածութիւն եւ համեստութիւն` հեռու մնալով ամէն տեսակի յոռի բարքերէ եւ սովորութիւններէ, իսկ կարեւորագոյնը այն էր, որ անոնք  անձնականը մոռնալով հաւաքականին նուիրուելու պատրաստակամութեամբ լեցուած էին, այլապէս պիտի չկարենային իրենց անձերը զոհել` հայութեան համար:

Սիմոն Զաւարեան կ՛ըսէ. «Խօսքը առանց գործի մեռեալ է»: Լիզպոնի հինգը եղան այն քիչերէն, որոնք այս կարգախօսին ոգի տուին եւ զայն վերածեցին սխրագործ արարքի մը, որ մինչեւ այսօր վառ կը մնայ հայութեան կեանքին ու յիշողութեան մէջ` հանդիսանալով հայոց նորագոյն պատմութեան ամէնէն պանծալի էջերէն մէկը:

Կատարուածը աւելի խորքային կերպով վերլուծելով պիտի ըսենք, որ Լիզպոնը այնպիսի գործողութիւն մը չէ, որ ամէն անհատ կամ երիտասարդ կրնայ իրականացնել, որովհետեւ այդ զոհողութիւնը կատարելու համար անձ մը պէտք է ամբողջութեամբ այլ ձեւով մօտենայ կեանքին ու երեւոյթներուն, շատ աւելի բարձր մակարդակէ դիտէ կեանքը, անոր հաճոյքները եւ իմաստը: Լիզպոնի հինգին համար կեանքը անիմաստ եւ դատարկ կը թուէր, պարպուած ամէն տեսակի հաճոյքէ եւ զուարթութենէ, որովհետեւ հայը տակաւին կ՛ապրի իր հայրենիքէն դուրս:

1980-ական թուականներուն Հայ դատը իւրայատուկ յաջողութիւններ չարձանագրեց արտաքին բեմին վրայ, սակայն 1990-ականներուն սկսաւ զգալիօրէն աւելնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկիրներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն թիւը:

Պէտք է արձանագրել, որ բազմաթիւ երկիրներ դատապարտեցին Լիզպոնի գործողութիւնը եւ զայն դասեցին ահաբեկչական` մասամբ հիմնուելով թուրք պետութեան  հետ իրենց քաղաքական, դիւանագիտական եւ տնտեսական շահերուն վրայ: Բայց եւ այնպէս հիմնական է այն, որ այս արարքին մասին խօսեցան միջազգային մակարդակի վրայ` նշելով, որ երիտասարդներ իրենց կեանքը զոհաբերած են իրենց ազգին ձայնը բարձրացնելու համար:

Թրքական ուրացման եւ իրականութիւններու խեղաթիւրման քաղաքականութիւնը, որ զգալի եղաւ Լիզպոնի սրբազան արարքին օրերուն, շարունակուեցաւ եւ տակաւին կը շարունակուի մինչեւ օրս: Արդարեւ, նախորդ ամիս մենք տեսանք այլ օրինակ մը թրքական ազդեցութեան, երբ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ, մերժելով Բանտարկեալներու ազատ արձակման խորհուրդին` Համբիկ Սասունեանը ազատ արձակելու ի նպաստ տուած որոշում, արգելակեց Սասունեանի ազատ արձակումը: Իր որոշումին երկարապատում բացատրութեան մէջ, Նիւսըմ, ընդունելով հանդերձ, որ անցնող տասնամեակներուն Սասունեան լուրջ քայլեր կատարած է վերականգնելու համար իր վարքը` շեշտեց, որ ան տակաւին չի հաւատար, որ Սասունեան պատրաստ է  ազատ արձակուելու: Այս բոլորը մտածել կու տան, որ որոշումին ետին այլ դրդապատճառներ կան:

Վստահաբար, եթէ 21-րդ դարուն գործադրուի Լիզպոնի նման գործողութիւն մը, անիկա կ՛ըլլայ մեծ սխալ, որովհետեւ ներկայիս երկիրներու միջեւ վէճերը եւ անհասկացողութիւնները կը լուծուին խորհրդակցութիւններու միջոցով: Այս մօտեցումը բոլոր պարագաներուն ալ ճիշդ չէ թէեւ, սակայն աւելի ապահով ուղի կը նկատուի միջազգային շրջանակներուն մէջ երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ յարաբերութիւնները դրական պահելու: Բայց եւ այնպէս օրին եւ տուեալ պայմաններուն մէջ այս գործողութիւնը ունեցաւ իր կշիռը, ազդեցութիւնն ու դերակատարութիւնը:

2020 թուականը նաեւ յատկանշական է Սեւրի դաշնագիրին 100-ամեակին զուգադիպելուն համար, որովհետեւ այդ կարեւոր փաստաթուղթը ինքնին կը ներկայացնէ Հայ դատի իւրաքանչիւր նուիրեալի ու ազատամարտիկի յոյսն ու տեսլականը:

Քրիստափոր Միքայէլեան կ՛ըսէ. «Կեանք կայ, որ մահ է, մահ կայ, որ կեանք է»:

Իբրեւ հայ երիտասարդներ` մեր պարտականութիւնն է ըլլալ անձնազոհ ու միշտ պատրաստ` ծառայելու Հայ դատին, ընդարձակելու համար Լիզպոնի հինգին պայքարը, որ ազատագրական պայքարի, յեղափոխութեան, ինքնապաշտպանութեան եւ Նեմեսիսի հերոսներէն մեզի փոխանցուած սրբազան ժառանգութիւն է ու կտակ:

Պէտք է պահենք Սարգիսին, Սեդրակին, Արային, Վաչէին եւ Սիմոնին անսկիզբ եւ անվերջ, անպարագիծ եւ անշեղ պայքարը:

Յուսախաբ պէտք չէ՛ ընենք մեր նահատակուած ընկերները, կիսատ չենք կրնար ձգել անոնց արեամբ գծուած պայքարը:

Համակերպումն ու տկարութիւնը` ազերիին, թուրքին եւ երեւելի ու աներեւոյթ ամէն տեսակի թշնամիի դիմաց, ընդունելի չէ՛ր, ընդունելի չէ՛ եւ երբեք ընդունելի պիտի չըլլա՛յ:

Մեր կարգին, առաջնորդուինք մեր հինգ հերոսներուն գաղափարական վեհութեամբ, զինուինք անոնց քաջութեամբ, կրենք անոնց կորովը մեզի հետ, յիշենք անոնց խօսքերն ու պատգամները եւ իրենց յիշատակը միշտ  անթառամ պահենք, որպէսզի մենք ու մեր յաջորդները յիշենք, գործենք ու ի վերջոյ հասնինք մեր եւ ամբողջ հայութեան գերագոյն երազին` Սեւրի դաշնագիրին մէջ ճշդուած Միացեալ Հայաստանին: