«Հայաստան-Սփիւռք Գործակցութիւնը Պէտք Է Յստակ Հունաւորում Եւ Օրակարգ Ունենայ»

Հայաստան, Սփիւռք

Նորին Սրբութեան հետ մեր ունեցած զրոյցին մէկ կարեւոր մասը կազմեց Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը։ Այս մասին Վեհափառ Հայրապետը սկսաւ հետեւեալ հաստատումով.- «Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան մասին պէտք չէ խօսիլ, այլ՝ գործակցութեան մասին, որովհետեւ մենք մէ՛կ ազգ ենք՝ մէ՛կ անցեալով, մէ՛կ ներկայով, մէ՛կ ապագայով, ինչպէս մենք մէկ եկեղեցի ենք՝ նո՛յն հաւատքով, նո՛յն ծէսով եւ նուիրապետական չորս աթոռներով: Վայ մեզի եթէ մեր մէկութեան ու ամբողջականութեան իրողութիւնն ու գիտակցութիւնը ստուեր տեսնէ: Այս հաստատ համոզումով Հայաստանը պէտք է մoտենայ Սփիւռքին եւ Սփիւռքը՝ Հայաստանին: Թշնամի՛ն պարտադրեց Սփիւռքը. մենք կոչուած ենք, հակառակ այս պարտադրուած գոյավիճակին եւ այս գոյավիճակէն յառաջացող տարբերութիւններուն, մեր ազգին ամբողջականութիւնը ու միասնականութիւնը պահել ամուր՝ ներկայ Հայաստանը ունենալով կիզակէտը մեր մտածումներուն, ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն եւ՝ ամբողջական Հայաստանը ունենալով մեր վախճանական նպատակը: Արդ, այս տեսլականէն ու յանձնառութենէն մեկնելով, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ համազգային օրակարգի մը շուրջ եւ այդ oրակարգի պատրաստութեան, օրակարգէն բխող ծրագիրներու մշակման ու իրականացման մէջ Սփիւռքը պէտք է իր ամբողջական ու գործoն մասնակցութիւնը բերէ։ Այլ առիթներով ըսած եմ ու կը կրկնեմ. ընդունելի չէ, որ Սփիւռքը հետեւողի կրաւորական վիճակին մէջ ըլլայ, այլ՝ մասնակցողի դերին մէջ: Հետեւաբար, եթէ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան նպատակը Հայաստանի կողմէ օգտակար ըլլալ է Սփիւռքի հզօրացման՝ եւ փոխադարձաբար, անհրաժեշտ է որ այսպէ՛ս ըլլայ գործակցութեան մեր մօտեցումը. այլապէս, պարագայական, միակողմանի ու զգացական մօտեցումներ ո՛չ մէկ ձեւով կրնան օգտակար ըլլալ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առաւել ծաւալման ու արդիւնաւորման։ Համազգային օրակարգի ճշդումը եւ համահայկական արժէքներու շուրջ համախմբումը եւ համահայկական մտածողութեան մշակումը անյետաձգելի առաջնահերթութիւններ են, որոնց մասին յաճախ անդրադարձած եմ»։

Շարունակելով իր պատկերացումը Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Անցնող տարիներուն Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը եւ այդ ծիրէն ներս տեղի ունեցած համագումարները անկասկած դրական մթնոլորտ ստեղծեցին. սակայն, չկրցան լուրջ արդիւնքներու հասնիլ: Արդարեւ, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ներկայ վիճակը ես կը նկատեմ անորոշ ու պղտոր: Բացատրեմ: Նախ ես համաձայն չէի Սփիւռքի նախարարութեան վերացումին: Սփիւռքի նախարարութիւնը որեւէ նախարարութեան համազօր նախարարութիւն պէտք է ըլլայ՝ եթէ ոչ աւելի՛ն, եթէ Սփիւռքը կը նկատենք մեր ազգին կենսական մասը։ Սփիւռքի հետ յարաբերութեան ընդհանուր պատասխանատուութիւնը վարչապետին յանձնելը դա՛րձեալ ես կը նկատեմ սխալ՝ մեկնելով ներքին թէ արտաքին պատճառներէ: Այս մասին օրին անդրադարձած եմ, նաեւ իմ մտահոգութիւնս փոխանցած վարչապետին: Ինչ կը վերաբերի յանձնակատարի աշխատանքին, սպասելի էր, որ ան իր պաշտօնի ստանձնումէն անմիջապէս յետոյ եւ իր աշխատանքային ծրագիրը պատրաստելէ առաջ հանդիպումներ ունենար երկու Հայրապետներուն, Հոգեւոր Տիրոջ, Աւետարանական համայնքի նախագահ վերապատուելիին, ինչպէս նաեւ երեք կուսակցութիւններու, բարեսիրական, կրթական, մշակութային կազմակերպութիւններու վերին պատասխանատուներուն հետ, որպէսզի մօտէն ճանչնար ընդհանրապէս Սփիւռքի իրողական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ մեր գաղութներու դիմագրաւած խնդիրները ու մարտահրաւէրները: Դժբախտաբար այդպէս չեղաւ։ Անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի իշխանութիւնը Սփիւռքի ամբողջական, յստակ ու իրապաշտ ճանաչումը ունենայ, որպէսզի Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը դառնայ արդիւնաշատ։