Հայաստանի Պետական Ֆիլհարմոնիան՝ ԱՊՀ Երկիրներու Լաւագոյններու Տասնեակին Մէջ
«Տուրստատ» զբօսաշրջային էջը ներկայացուցած է ԱՊՀ երկիրներու լաւագոյն ֆիլհարմոնիաներու վարկանիշը՝ ըստ համերգներ այցելելու եւ անոնց կայքերուն ու ընկերային ցանցերուն մէջ դասական համերգներու առցանց հեռարձակման ցուցանիշի, ուր Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիան գրաւած է 6-րդ տեղը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Armenpress.am-էն։
Տեղեկութեան համաձայն՝ վարկանիշին մէջ առաջին երեք տեղերը գրաւած են Մոսկուայի պետական ակադեմիական ֆիլհարմոնիան, Ս. Փեթերզպուրկի Տմիթրի Շոսդագովիչի անուան ֆիլհարմոնիան եւ Պելառուսիոյ պետական ֆիլհարմոնիան։