Վարչապետ Փաշինեան Հանդիպած է Հայաստանի Մէջ ԵԱՀԿ Անդամ Երկիրներու Հաւատարմագրուած Դեսպաններուն Հետ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան դահլիճին մէջ հանդիպած է Հայաստանի մէջ ԵԱՀԿ անդամ երկիրներու հաւատարմագրուած դեսպաններուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին ան մանրամասն անդրադարձած է Սահմանադրական դատարանի շուրջ առկայ իրավիճակին, Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու յառաջիկայ հանրաքուէին, զայն իրականացնելու հանգամանքներուն:
Ան խօսած է նաեւ ՀՀ կառավարութեան բարեփոխումներու լայն օրակարգի, մեր երկրին մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական փոփոխութիւններու, կառավարութեան փտածութեան դէմ պայքարի քաղաքականութեան մասին:
Փաշինեան պատասխանած է նաեւ դեսպաններուն հետաքրքրող տարբեր հարցերու: