Վարչապետ Փաշինեան Հանդիպած է Հայաստանի Մէջ ԵԱՀԿ Անդամ Երկիրներու Հաւատարմագրուած Դեսպաններուն Հետ

Հայաստան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան դահլիճին մէջ հանդիպած է Հայաստանի մէջ ԵԱՀԿ անդամ երկիրներու հաւատարմագրուած դեսպաններուն հետ:

Հանդիպման ընթացքին ան մանրամասն անդրադարձած է Սահմանադրական դատարանի շուրջ առկայ իրավիճակին, Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու յառաջիկայ հանրաքուէին, զայն իրականացնելու հանգամանքներուն:

Ան խօսած է նաեւ ՀՀ կառավարութեան բարեփոխումներու լայն օրակարգի, մեր երկրին մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական փոփոխութիւններու, կառավարութեան փտածութեան դէմ պայքարի քաղաքականութեան մասին:

Փաշինեան պատասխանած է նաեւ դեսպաններուն հետաքրքրող տարբեր հարցերու: