Բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանի Արխիւը Պէյրութէն Հայաստան Տեղափոխուած է

Հայաստան, Սփիւռք

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան միջոցով Պէյրութէն Հայաստան տեղափոխուած է արեւմտահայ բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանի արխիւը: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիրմեդիա»-ն։

Բանաստեղծին զարմուհին ուղարկած է փաստաթուղթեր, ձեռագիր նամակներ, քերթուածներ, օրագրութիւն, արձակ ստեղծագործութիւններ եւ նկարներու հաւաքածոյ` յանձնելով Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին: Կարմիր պիտակով առանձնացուած էջերը անտիպ են:

Մաթէոս Զարիֆեանի ազգականները բանաստեղծին հետ կապուած նիւթերը դասաւորած են ու ցուցակագրած, ինչ որ կը հեշտացնէ արխիւի մշակումն ու ֆոնտի ստեղծումը: