Ուիլիամ Սարոյեանի Տուն-Թանգարանի Պաշտօնական Բացում Ֆրեզնոյի Մէջ
Ձախէն աջ՝ Ֆրեզնոյի Քաղաքապետական Խորհուրդի նախագահ Էզմերալտա Սորիա,Արթիւր Ջանիբէկեան եւ Ֆրեզնոյի քաղաքապետ Լի Պրէնտ
«Ֆրեզնօ Պի».- Ուրբաթ, Օգոստոս 31-ի յետմիջօրէին, հեղինակաւոր գրողի Ուիլիամ Սարոյեանի 110-րդ տարեդարձի օրը, Ֆրեզնոյի կեդրոնական շրջաններուն մէջ, տեղի ունեցաւ անոր տուն-թանգարանի պաշտօնական բացումը, կը հաղորդէ “Ասպարէզ”-ը։
Թանգարանին մէջ, արդի արհեստագիտութեան օգտագործումով «վերակենդանացած» Սարոյեանին տպաւորիչ ներկայութեան կողքին, կան անոր աշխատանքի գրասեղանն ու հեղինակին գործածած իրերը, ինչպէս նաեւ լուսանկարներ, տեսանիւթեր, որմազդներ եւ հեղինակին գծագրութիւնները։
Ֆրեզնոյի մէջ 1908-ին ծնած Ուիլիամ Սարոյեան մահացած էր Ֆրեզնոյի Վեթերաններու հիւանդանոցին մէջ։ Ան թանգարանի վերածուած բնակարանը գնած էր իր մահէն 17 տարի առաջ եւ փոխն ի փոխ ապրած էր հոն եւ արտասահման (գլխաւորաբար՝ Փարիզ)։

Հայաստանի մէջ հիմնուած «Մտաւորական Զարթօնք» հիմնարկը 2015-ին գնած էր հեղինակին բնակարանը՝ զայն վերածելու համար տուն-թանգարանի։
Բացման պաշտօնական արարողութեան ներկայ էին նաեւ Ֆրեզնոյի քաղաքապետ Լի Պրենտ, Ֆրեզնոյի Քաղաքապետական Խորհուրդի նախագահ Էզմերալտա Սորիա եւ «Մտաւորական զարթօնք»ի հիմնադիր Արթիւր Ջանիբէկեան։
Իր խօսքին մէջ, Սորիա, որուն ընտրատարածքին մէջ կ՛իյնայ թանգարանը, յիշեցուց, որ Սարոյեանի բնակարանը ներկայ Ֆրեզնոյի քաղաքամէջը կը գտնուի եւ աւելցուց, որ ան պարտադրուած էր այդ շրջանին մէջ գնելու իր բնակարանը, որովհետեւ քաղաքին օրէնքները չէին արտօներ, որ գաղթականները որոշ շրջաններու մէջ ապրին կամ բնակարաններ գնեն։
«Հակառակ անոր, Սարոյեան մօտիկ կը զգար Ֆրեզնոյին եւ իր սիրտը Ֆրեզնօ ձգեց»,- աւելցուց ան։
Թանգարանը բաց է Երեքշաբթիէն Կիրակի, առաւօտեան ժամը 10-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6։ Հասցէն է՝ 2729 W. Griffith Way, Fresno, CA 93705։
Յիշեցնենք, որ Ֆրեզնոյի քաղաքապետական խորհուրդը Օգոստոս 30-ին վաւերացուցած էր բանաձեւ մը, Օգոստոս 31-ը հռչակելով Ուիլիամ Սարոյեանի օր։
(Քաղուած Էշլի Բանուի թղթակցութենէն)
Լուսանկարները՝ ԷՇԼԻ ԲԱՆՈՒ-ի
