ֆրանսա-Արցախ Բարեկամութան Շրջանակը Շնորհաւորական Ուղերձ Յղած է Արցախի Անկախութեան 27-րդ Տարեդարձի Առիթով

Աշխարհ, Հայաստան

Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 27-րդ տարեդարձին առիթով, կը հաղորդէ «Արցախփրես»-ը:

Ուղերձին մէջ կը նշուի, որ  Արցախը որպէս պետութիւն իր անկախութիւնը հռչակած է Խորհրդային Ատրպէյճանի Հանրապետութենէն, որուն ԽՍՀՄ-ը կամայականօրէն բռնակցած էր «Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզ» անուամբ:

«Արցախցիները ժողովրդավարական հասարակութիւն եւ պետական հիմնարկներ կեանքի կոչած են անկախութեան համար մղուած պատերազմէն ի վեր, պատերազմ, որ պարտադրուած էր անոնց ոչնչացման ձգտող պետութեան մը կողմէ: Այն, ինչ իրականացուցած է Արցախը քառորդ դարուան մէջ, խիստ ուշագրաւ է, եւ մենք, ի հարկէ, պիտի շարունակենք աջակցիլ վերջինիս` իբրեւ տարածաշրջանային օրինակ, քանի որ սատարել Արցախին կը նշանակէ սատարել խաղաղութեանն ու ժողովրդավարութեան Հարաւային Կովկասի մէջ», – նշած է բարեկամութան շրջանակի նախագահ Կի Թեսիէն:

Ուղերձին մէջ կը նշուի նաեւ, որ իր պատմական տարածքին մէջ բնակչութեան ինքնորոշման եւ միակողմանի անջատման իրաւունքը ամրագրուած է միջազգային իրաւունքով: Աւելին` նման գործընթացները բարոյապէս անվիճարկելի են, երբ տուեալ բնակչութեան կը սպառնայ ֆիզիկական ոչնչացում, ինչպէս արցախցիներու պարագային:

Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութան շրջանակը ափսոսանք կը յայտնէ, որ Արցախի Հանրապետութիւնը դեռ չէ ճանչցուած միջազգային հանրութեան կողմէ, մասնաւորապէս, Ֆրանսայի, ինչ որ կը հակասէ ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան հիմնարար սկզբունքներուն:

«Ֆրանսան ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիր է եւ կոչուած է աջակցելու Հայաստանին, Ատրպէյճանին եւ Արցախին` հակամարտութեան 3 կողմերուն, հաստատելու երկարատեւ եւ վերջնական խաղաղութիւն: Նման պատասխանատւութիւնը կ՛ենթադրէ լիարժէք անաչառութիւն` կողմերու միջեւ եւ, հետեւաբար, նոյն մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւն», – ընդգծած է Կի Թեսիէն: