Քոնկրեսը Պէտք է Հետաքննէ Ատրպէյճանական Silk Way Գաղտնի Օդանաւային Ընկերութեան Յատկացուած Ամերիկեան Վարկերը
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան
Անցեալ տարուան իմ յօդուածիս մէջ տեղեկացուցած էի, որ 2014-2017 թուականներու ընթացքին Ատրպէյճանի Silk Way օդանաւային ընկերութիւնը 350 գաղտնի թռիչք իրականացուցած է` հարիւրաւոր թոն զէնք տեղափոխելով Պուլկարիայէն Սուրիոյ Իսլամական պետութեան ահաբեկիչներուն եւ Մերձաւոր Արեւելքի այլ երկիրներ:
Այժմ ունինք նոր բացայայտում մը` Silk Way-ը Միացեալ Նահանգներու Արտահանման-ներմուծման դրամատունէն (EXIM) ստացած է 419.5 միլիոն տոլարի վարկեր` «Պոինկ» ընկերութենէն երեք 747-8 բեռնատար օդանաւներ գնելու եւ իր չարամիտ գործունէութիւնը շարունակելու համար:
Բացայայտումը ըրած է Կազմակերպուած յանցաւորութեան եւ կաշառակերութեան լուսաբանման նախագիծի (OCCRP) զեկուցողը` Freedom of Information Act (FOIA)-ը, հարցում ներկայացնելով ԱՄՆ կառավարութեան 2016 թուականին: Նշենք, որ Silk Way-ը, որ «կը պատկանի Ալիեւներու ընտանիքի հետ անցեալին կապեր ունեցող ընկերութեան մը, շահած է քանի մը շահաւէտ պայմանագիրներ ԱՄՆ զինուած ուժերէն` ըստ FOIA-ի փաստաթուղթերուն:
Փաստօրէն, «Silk Way»-ը աւելի քան 400 միլիոն տոլար արժէքով պայմանագիրներ կնքած է ԱՄՆ պաշտպանութեան նախարարութեան փոխադրամիջոցներու հրամանատարութեան վարչութեան հետ մէկ տասնամեակէ աւելի», – կը հաղորդէ OCCRP-ի լրագրող Տեւանշ Մեհթան: Silk Way-ը «զինամթերք եւ ոչ մահացու այլ նիւթեր» տեղափոխած է Աֆղանիստան 2005 թուականէն ի վեր: «ԱՄՆ կառավարութեան հետ ունեցած կապերէն բացի, Silk Way ընկերութիւնը նաեւ աշխատած է որպէս ենթակապալառու Գանատայի Ազգային պաշտպանութեան բաժանմուքին, Գերմանիոյ զինուած ուժերու եւ ֆրանսական բանակի համար», բացայայտած է Մեհթան:
2017-ի Ապրիլին Silk Way-ը ընդլայնած է իր գնումներու ծաւալը «Պոինկ»-էն, ստորագրելով 1 միլիառ տոլարի պայմանագիր տասը նոր 737 MAX ուղեւորատար օդանաւներ ձեռք բերելու համար, կը հաղորդէ լրագրող Մեհթան: Այնուամենայնիւ, յայտնի չէ, թէ ինչպէս ֆինանսաւորուած է նոր ձեռքբերումը: Անցեալ տարուան Հոկտեմբերին Silk Way-ը յայտարարած է, որ կը նախատեսէ գնել եւս երկու 747-8 բեռնատար օդանաւ:
Մեհթան բացայայտած է, որ «Օդանաւային ընկերութիւնը կը պատկանի Silk Way Group-ին, որ, առնուազն պահ մը, սերտօրէն կապուած էր Ատրպէյճանի Ալիեւներու իշխող ընտանիքին հետ (որ իր օդանաւները օգտագործած է մասնաւոր ուղեւորութիւններու համար) եւ շահած է պետական գործարքներու բարեհաճութենէն: Ըստ FOIA-ի միջոցով ձեռք բերուած տեղեկատւութեան` Silk Way Airlines-ը քայլեր ձեռնարկած է իր սեփականատէրերու ինքնութիւնը թաքցնելու համար, հնարաւոր է, որպէսզի բարելաւէ իր հնարաւորութիւնները շահելու ամերիկեան արժէքաւոր վարկային երաշխիքներն ու ռազմական պայմանգիրները»:
Մեհթան աւելցուցած է, որ «Ատրպէյճանը «Թրանսփերընսի ինթըրնեշընըլ»-ի փտածութեան ընկալման ցուցակին մէջ180 երկիրներու շարքին կը զբաղեցնէ 122-րդ տեղը, իսկ Իլհամ Ալիեւի ընտանիքին պատկանող շքեղ առանձնատուները ամբողջ աշխարհի մէջ կը գնահատուին աւելի քան 140 միլիոն տոլար: «Փանամայի թուղթերը» եւ այլ արտահոսքերը ակնարկած են երկրի առաջին ընտանիքին որպէս ներգրաւուած Ատրպէյճանի տնտեսութեան գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ` շքեղ հիւրանոցներէն մինչեւ հանքարդիւնաբերութիւն եւ դրամատնային ծառայութիւններ»:
Արտահանման-ներմուծման դրամատան կողմէ Silk Way-ին տրուած 419.5 միլիոն տոլարի վարկի պայմաններուն համաձայն, պարտաւորութիւնները չկատարելու պարագային վնասները պիտի փոխհատուցէր պետութեան պատկանող Ատրպէյճանի միջազգային դրամատան (IBA): Խնդիրը այն է, որ IBA-ն «ներգրաւուած էր զանգուածային ծրագրի մը` «Ատրպէյճանական լուացքատան» մէջ, որ մօտ 3 միլիառ տոլար արտահանած է երկրէն տարբեր կեղծ ընկերութիւններու միջոցով», գրած է Մեհթան: Բացի այդ, IBA-ն ի վիճակի չէ երաշխաւորելու Silk Way վարկը, քանի որ IBA-ն ինքզիրք սնանկ ճանչցած է 2015 թուականին, չկարենալով վճարել 3.3 միլիառ տոլարի պարտքը…
Նէյթ Շչենկանը, որ ամերիկեան շահոյթ չհետապնդող, ամբողջ աշխարհի մէջ ժողովրդավարութիւնը եւ մարդու իրաւունքները վերահսկող Freedom House-ի Nations in Transit նախագիծի ծրագիրներու տնօրէնն է, խնդրայարոյց կը նկատէ EXIM դրամատան վարկը Silk Way-ին. «Ատրպէյճանի մէջ, ուր մէկ ընտանիք գերիշխող դիրք ունի տնտեսապէս եւ քաղաքականապէս, իսկ այնուհետեւ կ՛օգտագործէ պետական կառոյցները իր տնտեսական ծրագիրները վերականգնելու համար, առկայ է ակնյայտ շահերու բախում»:
2010 թուականին նախագահ Ալիեւի 21-ամեայ դուստրը` Արզու Ալիեւան, Silk Way Holding-ի ֆինանսական բաժանմունքի` Silk Way դրամատան սեփականատէրերէն մէկն էր: 2017 թուականէն անոր անունը այլեւս չի նշուիր որպէս սեփականատէր: «Silk Way Holding-ը, որ իր կայքին մէջ կը նշուի նաեւ որպէս Silk Way Group (SW Group), համախմբութիւն conglomerate է, որ վերջերս իր պաշտօնին մէջ ներառած է 11 ընկերութիւններ, որոնց մէջ`օդանաւային ընկերութիւնը»,- տեղեկացուցած է Մեհթան:
Silk Way Holding-ը գերակշռող դիրք գրաւեց Ատրպէյճանի օդային փոխադրութեան ոլորտին մէջ, երբ շատ գաղտնի պայմաններու մէջ սեփականաշնորհուեցաւ պետական փոխադրող AZAL օդանաւային ընկերութիւնը` առանց մրցոյթներու: Մեհթան գրած է, որ «հեռահաղորդակցութեան ոլորտի նման սեփականաշնորհում մը յանգեցաւ անոր, որ [Ալիեւի] ընտանիքը մօտ 1 միլիառ տոլար կաշառք ստացաւ կանխիկ գումարով եւ արժետոմսերով` OCCRP-ի աւելի վաղ յօդուածին համաձայն: Հետաքննութիւնը նաեւ պարզած է, որ այդ գումարը առաջին ընտանիքին փոխանցուած է տարբեր գաղտնի անդրովկանոսային ընկերութիւններու միջոցով: Այս ընկերութիւնները թոյլ տուած են Ալիեւներուն վերահսկել ոսկիի հանքավայրեր, հեռահաղորդակցութեան եւ շինարարական գործեր Ատրպէյճանի մէջ»:
2006-ի փաստաթուղթերու համաձայն` Silk Way ընկերութիւնը պատկանած է IHC-ին (International Handling Company)` Բրիտանիոյ Վըրճինեան կղզիներու մէջ հիմնադրուած անդրովկանոսային կազմակերպութեան: 2017-ին փաստաթուղթերուն մէջ Silk Way օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարած է, որ ընկերութեան 40 տոկոսը կը պատկանի IHC-ին, իսկ 60 տոկոսը` SW Holding-ին, որ «արդիւնաւէտօրէն կը վերահսկէր» Ատրպէյճանի քաղաքացի Զաուր Ախունդովը: Մեհթան յայտարարած է, որ «IHC-ը կապուած է Ալիեւի ընտանիքի հետ անոր տնօրէն Ջաուադ Տպիլայի միջոցով, որ, ըստ հաղորդման, անցեալին ծառայած է որպէս առաջին ընտանիքի գործարար շահերու լիազօրուած անձ»:
2011-ին Silk Way Holding-ի եւ IHC- ի հաւատարմագրային հաւաստագիրը յանձնուեցաւ ռուսական ծագումով տնօրէնմ Գրիգորի Իւրքովին, ըստ Լիւքսեմպուրկի պաշտօնաթերթին: Այս նշանակումը օգտագործուած է որպէս IHC-ի իրական սեփականատէրերը թաքցնելու միջոց:
Մինչդեռ Զաուր Ախունդովը 2014-ին խորհրդաւոր կերպով դարձած է Silk Way Group-ի հարիւր տոկոսանոց սեփականատէրը: Այդ ժամանակ ընկերութիւնը եւ անոր բազմաթիւ կազմակերպութիւններ արդէն կ՛արժէին միլիառաւոր տոլարներ, յայտարարած է Մեհթան` հիմնուելով ընկերութեան վարկային երաշխիքի յայտին վրայ: Յիսունամեայ Ախունդովը քանի մը պաշտօններ զբաղեցուցած է Ատրպէյճանի մէջ: «Անհասկանալի է, թէ ինչպէս Ախունդովը դարձած է միլիառաւոր տոլարներու համախմբութեան սեփականատէր, որ կը ներառէ աւելի քան տասը օդանաւ, ապահովագրական ընկերութիւն, շինարարական ընկերութիւն եւ օդանաւներու սպասարկման ընկերութիւն, եթէ նշենք միայն Silk Way Group-ի ձեռնարկութիւններէն քանի մը հատը, հետաքրքրուած է Մեհթան:
Freedom House-ի Շչենկանի խօսքերով, «Ատրպէյճանը կարելի է բնութագրել որպէս կեդրոնացած, ուղղահայեաց բուրգ մը, ուր եկամուտները կ՛երթան մէկ ընտանիքի, որ վարձավճարներ կը հաւաքէ ամբողջ երկրէն: Սա կը ներառէ բոլոր տեսակի գործարքները, ոչ միայն պաշտօնական պետական գործարքները, որոնք կրնան ներգրաւել ոչ միայն հարկերը եւ պետական միջոցները, այլ նաեւ այն ամէնը, որոնք մենք սովորաբար կը համարենք մասնաւոր հատուած` ներմուծում-արտահանում, սպառողական ապրանքներ, փոխադրամիջոցներ -տնտեսութեան որեւէ ոլորտի մէջ ընտանիքը բաժին ունի ատոր մէջ եւ կը ստանայ իր մասը ամէն ինչէն»:
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը պէտք է լսումներ իրականացնէ` EXIM Bank-ի կողմէ Silk Way ընկերութեան տրամադրած 419.5 միլիոն տոլարի վարկային երաշխիքի օրինականութեան, Մերձաւոր Արեւելքի ահաբեկչական խմբաւորումներուն անոր զէնքի առաքումներուն եւ Ալիեւի իշխող ընտանիքին հետ անոր թաքցուցած կապերու հետաքննութեան համար: Ի վերջոյ, ինչո՞ւ պէտք է ամերիկեան վարկ տրուի միլիառաւոր քարիւղային տոլարներ ունեցող Ատրպէյճանին:
Թարգմանութիւնը` Ռուզաննա Աւագեանի
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆը
