Փաշինեան-Փութին Հանդիպումը Տեղի Պիտի Ունենան Սեպտեմբեր 8-ին
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ու Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին Սեպտեմբեր 8-ին պիտի հանդիպին Մոսկուայի մէջ: Կողմերը բարձր մակարդակի հայ-ռուսական բանակցութիւններ պիտի ունենան: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, տեղեկութիւնը «Իզվեսթիա»-ին հաստատած է ՌԴ նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը:
Ասիկա պիտի ըլլայ Փաշինեանի երրորդ այցը Ռուսիա. Նախապէս ան Փութինի հետ հանդիպած էր Մայիս 14-ին Սոչիի մէջ` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներու գագաթնաժողովին, ապա Յունիս 13-ին` Մոսկուայի մէջ` ֆութպոլի Աշխարհի գաիաթի բացման արարողութեան ծիրէն ներս:
