
Մօնթէվիտէոյի ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» Մասնաճիւղը՝ 85 Տարեկան
Կարօ Հէքիմեան
Մեծ Եղեռնէն հազիւ ճողոպրած և իրենց շունչը Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մօնթէվիտէոյի մէջ արած երեք երիտասարդուհիներ՝ Հայկուհի Ստեփանեան, Վիքթորիա Ահարոնեան և Սիրվարդ Կիւլեան, 1934-ին հիմը կը դնեն ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին, անտեսելով բոլոր դժուարութիւններն ու խոչընդոտները որ իրենց առջև ցցուած էին։
Ուրուկուէյ ժամանող հայ գաղթականներու թոհուբոհի տարիներն էին, երբ նոր կը կազմակերպուէր գաղութը, երբ իրենց Հայրենիքն ու քաղաքներ կորսնցուցած վերապրած սերունդի անդամներ զիրար կը գտնէին և՝ հայրենակցական միութիւններ հիմնելով, ձեւով մը կը մխիթարուէին։
Նման մթնոլորտի մէջ ահա, այդ երեք համարձակ և հայրենակարօտ երիտասարդուհիներու կողմէ հիմնուած ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղը, նաւարկելով հոսանքն ի վեր հասած է իր 85-րդ տարուան։
Այսօր երբ հեռաւոր ժամանակի վրայ ակնարկ մը կը նետենք, մտաբերելով անցած ուղին, պարծանքով կ՛արձանագրենք որ ունինք լաւ կազմակերպուած, աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալող ՀՕՄ-ի միաւոր մը, որ ոչ միայն գաղութային այլև երկրի մէջ առողջապահական և ընկերային ոլորտներու աշխատանքներուն դերակատար է, ինչ որ պետական այդ կառոյցներու գնահատանքին արժանացած է՝ իր ցոյց տուած օժանդակութիւններով։
85-ամեակի տօնակատարութեան համար ընտրուած էր «Լօս թիլօս» կոչուող ագառակը, որ նման հաւաքներու համար յատուկ տարածք կը տրամադրէ։
Հոկտեմբոր 20-ին տեղի ունեցած ձեռնարկին, ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ատենապետուհի Պէաթրիս Պատանեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, ՀՕՄ-ի խօսքը փոխանցեց փոխատենապետուհի Տիանա Պոյաճեան, որմէ ետք հրաուիրեց Հարաւային Ամերիկայի ՀՕՄ-ի Շրջ. վրչ. ատենապետուհի Կրասիելա Գէորգեանը, որ յատկապէս Արժանթինէն ժամանած էր իր յարգանքի ուղերձը փոխանցելու այս կարեւոր առիթին։ Ուրուկուէյի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յակոբ Արք. Գլընճեանն ալ իր խօսքի մէջ յիշեց իր մանկութեան օրերուն՝ իր ծննդավայր Քեսապի մէջ ՀՕՄ-ի ծաւալած գործունէութիւնը, ինչ որ մինչեւ այսօր տպաւորուած կը շարունակէ մնալ ՀՕՄ-ի կողմէ տարուող աշխատանքներուն։
Գեղարուեստական բաժնով ելոյթ ունեցան հանրածանօթ տուտուկի վարպետ Սարօ Դանիէլեան, իր հետ ունենալով մեր գաղութի մէջ յայտնի երաժիշտներ՝ դաշնակահար և խմբավար Ալվարօ Յակոբեան, քամանչահար Նժդէհ Պոյաճեան, տհոլի կատարողներ Էտկար Աթթարեան և Ռաֆֆի Կիւլեան, ինչպէս նաև հանրայայտ թէնօր Յակոբ Պոյաճեան, որոնք թէ՛ ժողովրդական և թէ՛ ազգային երգերով մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեցին ներկաներուն մէջ։
Այս հանդիսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաև Համազգայինի «Շիրազ» պարախումբը՝ գեղարուեստական ղեկավար և պարուսոյց Վահրամ Հաբարձումեանի ցուցմունքներով, ժովորդական պարերով ջերմ ծափողջոյններով ընդունուեցաւ։
Տեղի ունեցաւ նաև ՀՕՄ-ի այս տարուան կրթաթոշակի յանձնում մեր շրջանի երկու ուսանողներու՝ Հայրենիք Սանդուրեանին և Կապրիէլ Պարսամեանին, ձեռամբ՝ ՀՕՄ-ի Հարաւային Ամերիկայի Շրջ. Վարչութեան Ատենապետուհիին։
Տօնախմբութեան վերջաւորութեան մեծարանք կատարուեցաւ այն երէց ՀՕՄ-ուհիներուն, որոնք 80 տարիներէ ի վեր մեծ վաստակ ունեցած են իրենց անշահախնդիր աշխատանքով, անոնք են՝ Ալիսիա Կիւլեան, Ազատ Զէյթունցեան, Գնարիկ Տէր Մարգարեան, Մելինէ Սարգիսեան, Վիգթորիա Շէհէրլեան և Վարդուհի Կէօվաննէսեան, որոնք այս տօնախմբութեան կնքամայրերը հռչակուեցան և իրենց տրուեցաւ յօբելինական կարկանդակը հատելու պատիւը։