Հոգեհանգիստ — Ոգեկոչում՝ Յունաստանի Մէջ
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ՝ Լիզպոնի հինգ տղոց յիշատակին հոգեհանգիստ պիտի մատուցուի Կիրակի 28 Յուլիսի առաւօտեան, Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ մէջ՝ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին:
Կը հրաւիրենք բոլոր հայրենակիցները յարգելու համար քաջարի հինգ հայորդիներու անձնազոհութեան վեհ արարքը եւ անոնց անմար յիշատակը:
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտ. Միութեան Կեդր. վարչութիւն