Հինգ Դիւցազուններու Վերջին «Խնճոյք»-ը (27 Յուլիս 1983)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Համբիկ Պիլալեան

Բարեբախտ դիպուածով մը նշեալ դիւցազներգութիւնը ունի 36 տարիներու հեռաւորութիւն, թէեւ հեքիաթի նմանող, այդուհանդերձ, ապրուած իրականութիւն մըն է, որուն քաջածանօթ են իրերայաջորդ սերունդներ, իսկ շատ-շատեր ուղղակի շօշափած ու փայփայած են առասպելատիպ տղոց երազներուն իսկութիւնը, անոնց հետ ըլլալով, միասին ապրելով, ընկերանալով եւ ծանօթանալով իւրաքանչիւրին մարդկային առանձնայատկութիւններուն, նաեւ` ազգային ըմբռնումներուն:

Գաղութահայ կեանքի ծնունդ տղաք էին անոնք: Համեստ, հայաբոյր, ժիր ու նուիրեալ ընտանիքներու զաւակներ: Նման մթնոլորտի մէջ հասակ առած ու դաստիարակութիւն ստացած սերունդներ, բնականաբար անոնց մէջ շեշտուած պիտի ըլլային ազգային արժանիքները, որոնցմով պիտի սնանէին, այլապէս առնչուէին հայ կեանքին եւ, իրենց կարգին, շփուէին գաղափարական հայեացքներու քուրային հետ:

Փաստօրէն, հայ վարժարանի երդիքին տակ կրթութիւն ստացած այս հինգ տղաքը ներծծած էին Մեսրոպաշունչ հոգիին ճառագայթները, շաղախուած հայ ազգի պատմութեան պատուաբեր դրուագներուն հետ, դառնութեամբ յիշած հաւաքական տառապանքի ու սպանդի պատկերները, վրէժխնդրութեամբ լեցուած եւ, այս բոլորին առընթեր, հրապուրուած եւ յափշտակուած էին Հայկեան բազուկի ժառանգորդներու սխրանքներով, եւ որոշ ատեն ետք անդրադարձած, թէ անհայրենիք ժողովուրդներ չեն կրնար գոյատեւել առանց մայր հողի ուժին, բուրմունքին եւ պատկանելիութեան:

Եւ ահա, իրենց պատանեկանի ու երիտասարդականի կեանքին զուգադիպող դիպաշարերու հաճոյքը ապրեցան այս տղաքը, երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն յանկարծակի կու գար հայաշխարհն ու երկրագունդը` ի տես ցուցական-վրէժխնդրական արարքներու, որոնց շնորհիւ հայոց ազատ ապրելու ոգին իր թմբիրէն կ՛արթննար, կը բռնցքուէր եւ հատու հարուած կու տար թշնամիին` զազիր թուրքին, որ գործադրած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը, գրաւած հայրենիքը` Արեւմտեան Հայաստանը, սրբազան Արարատը, եւ, ի լուր աշխարհին, կը ծիծաղէր մարդկութեան խղճին ու արդարութեան վրայ:

Իր կարգին, մարդկութիւնը բարոյական շռնդալից ապտակ մը կը ստանար 1975-ականներու, երբ տարբեր մայրաքաղաքներու մէջ իրար ետեւէ կը զգետնուէին թուրք դեսպաններ, բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ներկայացուցիչներ:

Փաստօրէն, Հայկեան բազուկի վրիժառական սխրանքները պահ մը շփոթի մատնած էին պետական ու անվտանգութեան բազմաթիւ ոլորտներ, որոնք ուշի-ուշով  կը հետեւէին իրերայաջորդ հարուածներուն եւ խանդավառութեամբ լիացած հայ կեանքի ելեւէջներուն:

Ու այսպէս, կը քանդուէր համատարած լռութեան պատը, զոր կառուցած էին այն բոլոր պետութիւնները, որոնք կը դարպասէին զազիր թուրքին շահերը: Յայտնապէս լոյսին կու գային Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը, հայրենիքի ազատագրումն ու հայ երիտասարդութեան պոռթկումի տարբեր դրսեւորումներ:

1983, Լիզպոն:

Կրկին կը ցայտէր ըմբոստութեան եւ վրէժի հրաբուխը: Այս անգամ թիրախը Փորթուգալի թրքական դեսպանատունն էր, որ յարձակումի կ՛ենթարկուէր եւ կը գրաւուէր հայ տղոց կողմէ: Սրբազան տղոց խումբին մաս կազմող Սիմոն Եահնիեան դեսպանատան մուտքին հերոսաբար կ՛իյնար հրացանաձգութեան պատճառով, որմէ ետք կը սկսէր հերոս տղոց դիպաշարը:

Տղաքը մուտք կը գործեն դեսպանատան մաս կազմող շէնք մը, կրակոց, մահ ու վիրաւոր, շէնքի պաշարում` տեղական ուժերու կողմէ: Ապա, տղոց պահանջներու ընդգծում, միջազգային լրատու գործակալութիւններու յանձնուած յայտարարութիւն, նաեւ ազդարարութիւն եւ սպառնալիք, թէ ի պահանջել հարկին տղաքը երդուած են պայթեցնել շէնքը ու միասնաբար նահատակուիլ յանուն Հայ դատին ու հայրենիքին:

Ժամեր անց իրականութիւն կը դառնար տղոց այն երազը, որուն մասին պատմած էին իրենց վերջին «խնճոյք»-ին ատեն, երբ, ի լուր աշխարհին, վիտէօ-երիզով մը ցոյց կու տային իրենց պատրաստակամութիւնը, կամքն ու գործողութեան բնոյթը: Անոնք  ազգային բարձր գիտակցութեամբ եւ աստուածավայել համոզումով տուեալ երիզին մէջ կը նշէին, թէ ի՞նչ էր դրդապատճառը(ները), որ զիրենք կը մղէր նետուելու պայքարի դաշտ, յանուն ո՞ր գաղափարին եւ սկզբունքին:

Իրօք, Լիզպոնի տղաքը իրենց այս քայլով (վիտէօ-երիզի հրապարակումով) արդէն լռութեան կը մատնէին ներազգային կեանքի մէջ ապրող տկլորներու կասկածն ու լալկան հառաչանքները, կը պախարակէին թոյլ հոգիները, ուժգնօրէն կը դատապարտէին փառասէր ու շռայլ կեանքի հետեւորդները, կը շեշտէին հայոց դարաւոր պատմութեան, մշակոյթին ու ազգային արժէքներուն կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը, լոյսին կը բերէին նախնեաց դիւցազնական սխրանքներու հպարտութիւնը, ազատութեան ու մաքառումի ոգին վառ պահելու զգաստութիւնը եւ առանձնապէս կը պնդէին Հայ դատի անժամանցելիութեան վրայ:

Եւ այս բոլորի առընթեր, անոնք կ՛ընդգծէին, թէ իրենք կեանքը սիրող տղաներ էին, կեանքի հաճոյքներու քաջածանօթ, սակայն, իրենց համար հայրենիքի սէրն ու Արարատի ազատագրումը տարբեր բոյր ու համ ունէր:

Այո՛, Լիզպոնի տղաքը արիաբար եւ առանց երկմտանքի իրենց սուրբ արիւնը նուիրաբերեցին հայոց ազատութեան բագինին` քաջ գիտնալով, որ անոնց սխրանքը պիտի ապրի դարեր շարունակ, այնքան ատեն որ սերունդներ կը դաստիարակուին համոզումով եւ ազգային վառ երազներով:

Անոնք նահատակութեան ամենասուրբ փառապսակին արժանացան եւ դարձան մեր ժամանակներու լեգենտ երիտասարդները: Անոնք վախի, մահուան եւ պարտուողական տրամադրութիւններու դէմ իրենց հպարտ ճակատները ցցեցին, եղան փարոս ազգային ազատագրական պայքարի հաւատացողներու, ճղճիմ եւ անցողիկ կեանքին դէմ իրենց ճառագայթող դէմքերը ցոյց տուին, որպէսզի ատով զգետնած ըլլան մահը եւ արժանանան Աւետիս Ահարոնեանի «փառաւոր մահ մը» ունենալու կոչումին:

Մեր տղաքը իրենց սրբազան արարքով առանձին չմնացին, այլ պատմութիւն կերտեցին ու պատուանդան հանդիսացան` Արցախեան ազատագրական պայքարին, երբ իրերայաջորդ դիւցազուններ յիշեցին տղոց նուիրումը եւ նետուեցան պայքարի դաշտ` ընդդէմ թուրք-ազերի հորդաներու:

Հինգ տղոց վրիժառու աքթը, օրին, «քաղաքակիրթ, ժողովրդավար եւ բարեսէր» Արեւմուտքին հանգիստը խանգարեց, ինչպէս որ Արցախի ժողովուրդը նոյն վիճակը ստեղծեց եւ զէն ի ձեռին յաղթեց թշնամիին ու պարտադրեց իր կամքը:

Այո՛, Լիզպոնի տղաքը եղան հայոց յաղթանակի, լոյսի եւ յոյսի եզակի  դաստիարակները, որոնք ամէն քայլափոխի մեզի կը պատգամեն ըլլալ ուժեղ եւ համարձակ, ազգային արժանապատուութեան տիրութիւն ընող ազգ, հայրենի սուրբ հողին վրայ արժանավայել ապրելու ցանկութիւն ունեցող ժողովուրդ, միասնակամ եւ քաղաքական բարձր հասունութիւն ցուցաբերող պետականութիւն:

Անոնք այսօրուան անկախ հայրենիքը չտեսած, Արարատի ազատագրումը երազեցին, Արցախեան գոյամարտի հրաշքները չապրած` պայքարի հորիզոններ ուրուագծեցին, անկրկնելի բանաստեղծ Շիրազի ներշնչման աղբիւր հանդիսացան ու արժանացան անոր փառաբանանքին, սրտայոյզ աղօթքին:

Այսօր, թէեւ յապաղած, հայրենի հողին վրայ Լիզպոնի տղոց նուիրուած հանդիսութիւններ կը կազմակերպուին, յիշելով անոնց սխրանքն ու անմնացորդ նուիրումը:

Ահա այսպէս, Լիզպոնի տղաքը հայրենապաշտութեան մեծագոյն վկաներն են ու պիտի մնան իբրեւ այդպիսին դարեր շարունակ, իսկ անոնց յիշատակին դիմաց ազգ մը ամբողջ պէտք է խոնարհի: