Ատրպէյճանի Մէջ Հայկական Բնակավայրերու Անուններով Խմիչք Կ՛արտադրեն
Հայկական քաղաքներու անուններով Ատրպէյճանի մէջ սկսած են քոնեաք եւ գինի արտադրելու:
Թովուզի (Տաւուշին սահմանակից) շրջանին մէջ գտնուող քոնեաքի եւ գինիի գործարանը վերջին տարիներուն սկսած է արտադրելու ոգելից խմիչքներ, որոնք ունին հին հայկական քաղաքներու անուններ` ներկայացնելով զանոնք որպէս ատրպէյճանական, Yerkir.am-ի փոխանցմամբ, կը հաղորդէ rusarminfo.ru կայքը:
Բացի «QARABAG Extra X.O.» անունը կրող խմիչքէն, սկսած են արտադրելու նաեւ «ŞUŞA Extra» անունով քոնեաք:
Քոնեաքի նկարագրութեան մէջ նշուած է. ««Շուշա» կոնեակը` 25 տարուան հնեցմամբ, պատրաստուած է Ղարաբաղի խանութեան պատուին, որ 1724-ին Ատրպէյճանի տարածքին մէջ ամենահզօր խանութիւններէն մէկն էր: «Շուշա» քոնեակը ամենատիտղոսակիր քոնեաքներէն մէկն է Ատրպէյճանի մէջ»:
Ատրպէճանի մէջ մէկ այլ արտադրող ալ սպիտակ չոր գինի կ՛արտադրէ «Իրեւանի բերդ» անունով, որ յաճախ կը ներկայացուի շարք մը միջազգային ցուցահանդէսներու:
Նախապէս մոսկովեան օդակայաններու մէջ արցախեան օղիի վաճառքը դժգոհութիւններու պատճառ դարձած էր Ատրպէյճանի մէջ: