Աւելի Քան 100 Քոնկրեսականներ Կը Պահանջեն Կասեցնել Ամերիկեան Ռազմական Աջակցութիւնը պաքուին
Քոնկրեսի աւելի քան 100 անդամներ՝ 26 ծերակուտականներ եւ Ներկայացուցիչներու տան 75 անդամներ, կոչ ըրած են արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյին՝ կասեցնելու ամերիկեան զինուորական աջակցութիւնը ազրպէյճանին՝ վկայակոչելով պաքուի կողմէ ապօրինաբար պահուող հայ բանտարկեալներու դէմ արձակուած դատավճիռները, հայ քրիստոնէական ժառանգութեան ոչնչացումը եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին շարունակուող զինուորական բռնագրաւումը։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին աջակցութիւնը վայելող երկկուսակցական նամակը նախաձեռնած են ծերակուտականներ Կերի Փիթըրզ, Էտըմ Շիֆ եւ քոնկրեսականներ Կաս Պիլիրաքիս ու Ֆրենք Փալոն։ Նամակին իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են նաեւ Ծերակոյտի դեմոկրատ ղեկավար Չաք Շումըր եւ Ծերակոյտի ու Ներկայացուցիչներու տան շարք մը յանձնախումբերու եւ ենթայանձնախումբերու ղեկավարներ։

Նամակը պատասխանն է Թրամփի վարչակազմի որոշումին՝ երկարաձգելու «Ազատութեան աջակցութեան որոշում»ին 907-րդ յօդուածի սահմանափակումներու շրջանցումը, որուն հետեւանքով կարելի պիտի ըլլայ շարունակել զինուորական աջակցութիւն տրամադրել ազրպէյճանին։ Նախագահ Թրամփ նման քայլի մը դիմած էր նաեւ 2025 Օգոստոսին՝ Սպիտակ տան մէջ Հայաստանի եւ ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ տեղի ունեցած գագաթնաժողովէն ետք, իսկ 2026 Յուլիսին Քոնկրեսին տեղեկացուցած էր այդ շրջանցումը երկարաձգելու իր մտադրութեան մասին։
«Ամերիկայի Քոնկրեսը յստակօրէն իր պատգամը յղած է՝ երկկուսակցական եւ երկպալատ հիմքով։ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ջախջախիչ՝ 44-7 քուէարկութենէն ետք, որ կը պահանջէր ազրպէյճանէն ազատ արձակել հայ պատանդները, աւելի քան 25 նահանգներէ աւելի քան 100 օրէնսդիրներ այսօր կոչ ըրին Թրամփի վարչակազմին գործադրելու 907-րդ յօդուածը եւ դադրեցնելու Ամերիկեան զէնքն ու օգնութիւնը ուժանիւթով հարուստ ազրպէյճանին», ըսաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, աւելցնելով․ «ալիեւի կաշառակեր եւ ցեղասպան վարչակազմը ոչ կարիքն ունի, ոչ ալ արժանի է ամերիկեան առատաձեռնութեան՝ մանաւանդ երբ այսքան շատ ամերիկացիներ տնտեսական դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն»։
