Վեհափառ Հայրապետը Կարեւոր Համարած է Ուխտաւորներուն Այցելութիւնները Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին
Հոկտեմբեր 8-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան թեմի Փասատենայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ուխտաւորները՝ առաջնորդութեամբ համայնքի հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Սարգիս աւագ քահանայ Պետոյեանի։
Նորին Սրբութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը բերաւ ուխտաւոր հայորդիներուն եւ գնահատանք յայտնեց Տէր Սարգիս քահանային՝ դէպի հայրենիք ուխտագնացութիւններ կազմակերպելու բարի աւանդոյթը հետեւողականօրէն պահպանելու համար։ Այս առնչութեամբ Վեհափառ Հայրապետը կարեւոր համարեց Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին նման այցելութիւնները, որոնք հնարաւորութիւն կ՝ընձեռեն սփիւռքի հայորդիներուն առաւել մօտէն ծանօթանալու հայրենական կեանքին ու առկայ մարտահրաւէրներուն, հայրենի սրբութիւններէն ոգեշնչուելու եւ նորոգուած հաւատքով ու հայրենասիրական ոգիով առաւել զօրացնելու համայնքային կեանքը եւ իրենց կարելի նպաստը բերելու հայրենիքի ու հայ ժողովուրդի բարօրութեան։
Աւարտին, Հայոց Հովուապետը պատասխանեց նաեւ ուխտաւորներու հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին Հայոց Եկեղեցւոյ կրթական ծրագիրներուն, հոգեւորականներու պատրաստութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի ընթացիկ գործունէութեան։
