1.5 Միլիառ Դրամի Նոր Ներդրումներ Գիւմրիի Օդակայանին Մէջ

Հայաստան

 «Արմենիա» Միջազգային Օդակայաններ ընկերութեան կողմէ ամբողջութեամբ պիտի վերականգնուի Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանի կառամատոյցը:

Ըստ «Արմենփրես»-ի՝ օդակայանի կառամատոյցը 22.000 քմ է եւ չէ վերանորոգուած 1986
թուականէն ի վեր:

Կառամատոյցը պիտի համապատասխանէ բոլոր միջազգային չափանիշներուն եւ լրացուցիչ խթան պիտի հանդիսանայ նոր օդանաւային ընկերութիւններու ներգրաւման համար: Ընկերութիւնը վերանորոգման համար պիտի ներդրէ շուրջ 1.5 միլիառ դրամ, որով մինչեւ 2020 թուականը ամբողջութեամբ պիտի վերանորոգուի 17.000քմ
տարածք: