
Պաքուեցի Հայ Մը Նշանակուեցաւ Քիեւի Շրջանային Կուսակալ
Ուքրանական լրատու աղբիւրներ կը հաղորդեն, թէ 35-ամեայ հայ քաղաքական գործիչ Միխայիլ-Պնօ Հայրիեան նշանակուեցաւ Քիեւի շրջանային կուսակալ։ Երկրին նախարարաց խորհուրդը վաւերացուց երկրին եօթը շրջաններուն մէջ նոր կուսակալներ նշանակելու որոշումը եւ Քիեւի շրջանի կուսակալի պաշտօնը յանձնեց Միխայիլ-Պնօ Հայրիեանին։
Հայ գործիչը ծնունդով պաքուեցի է։ Ան Մոսկուայի մէջ համալսարանական ուսում ստանալէ ետք շրջան մը աշխատած է Ուքրանիոյ մէջ Ռուսաստանի դեսպանատան մէջ։ 2010-2013 թուականներուն ան եղած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդական, իսկ յաջորդող տարիներուն՝ երկրի ուժանիւթի նախարարութեան ռազմավարական ծրագիրներու եւ Եւրոպայի հետ համարկումի բաժինի պատասխանատուն։