
Աննա Յակոբեան Արամ Ա-ին Պատմած է Լիբանանի մէջ Իր Ծրագիրներուն Մասին
ՀՀ վարչապետի տիկին, «Իմ քայլը» եւ «City of smile/Ժպիտների քաղաք» բարեգործական հիմնադրամներու հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Աննա Յակոբեան Յուլիս 2-ին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հիւրընկալուած է մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա․-ի կողմէ:
Հանդիպման ներկայ գտնուած է Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը: Աննա Յակոբեան հանդիպման ժամանակ պատմած է Լիբանանի մէջ իր ծրագիրներու եւ հանդիպումներուն մասին, ներկայացուցած իր ղեկավարած երկու հիմնադրամներու գործունէութիւնը:
Նոյն օրը ան այցելած է Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու Արամ Պեզիքեան թանգարան: Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի եւ թանգարանի պատասխանատու Գրիգոր Ալուզեանի ուղեկցութեամբ շրջած է թանգարանի տարածքով, ծանօթացած թանգարանի ստեղծման պատմութեան ու ցուցանմուշներուն, գրառում կատարած է թանգարանի յուշամատեանին մէջ:
Տիկ․Յակոբեան այցելած է նաեւ «Թռչնոց բոյն» մանկատունը: