
Թուրքիոյ Նախկին Նախագահը Տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլուին Առաջարկած է Անդամակցիլ Իր Նոր Ստեղծուելիք Կուսակցութեան. Լրատուամիջոցներ
Թրքական լրատուամիջոցները տեղեկութիւն տարածած են, որ Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտուլլահ Կիւլը ու շարք մը այլ նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաներ կը հիմնեն իրենց քաղաքական կուսակցութիւնը, որուն մտադիր են անդամակցելու գործող նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վարած քաղաքականութեան հետ անհամաձայն անձիք:
«Կուսակցութիւնը պիտի գլխաւորէ Թուրքիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարար Ալի Պապաջանը: Բացի այդ, Կիւլ կը ցանկայ, որ կուսակցութեան անդամակցի նաեւ հայ յայտնի տնտեսագէտ, Մասաչուսէթսի արհեստագիտական համալսարանի մասնագէտ Տարօն Աճեմօղլուն: Տնտեսագէտին հետ զրոյցը արդէն կայացած է»,- կը գրէ թրքական Yenicag Gazetesi-ն` վկայակոչելով սեփական աղբիւրները:
Յայտնի է, որ Աճեմօղլու ծնած է 1967-ին՝ պսոլսահայ ընտանիքի մէջ: 1989-ին աւարտած է Մեծ Բրիտանիոյ Եորքի համալսարանը, Լոնտոնի տնտեսագիտական դպրոցին մէջ գիտութիւններու դոկտորի կոչում ստացած է: Վերջին 15 տարուան ընթացքին Աճեմօղլուն գիտական եւ դասախօսական գործունէութիւն կը ծաւալէ Մասաչուսէթսի արհեստագիտական համալսարանին մէջ: Քանի մը տարի շարունակ ան դիտարկուած է տնտեսագիտութեան ոլորտի մէջ հեղինակաւոր Նոպելեան մրցանակի յաւակնորդ:
Լրատուամիջոցներու փոխանցմամբ` դեռեւս 2011-ին Թուրքիոյ կառավարութիւնը փրոֆէսոր Աճեմօղլուին առաջարկած էր Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան մէջ երկրի մշտական ներկայացուցիչի պաշտօնը, սակայն ան հրաժարած էր աշխատելէ թրքական կառավարութեան համար: