
ՀՀ Վարչապետը Ընդունած է Ապրիլեան Պատերազմի Զոհերու Ընտանիքները
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է 2016-ի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներու անդամները եւ լսած անոնց բարձրացուցած խնդիրներն ու մտահոգութիւնները։Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
«Ինծի համար պատիւ է ձեր հետ հանդիպիլը: Կ՝ուզեմ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդի անունով շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի՝ ձեր զաւակներու հերոսութեան եւ անձնազոհութեան համար: Կը հաւատամ, որ անոնց պահուածքը, խիզախութիւնը առաջին հերթին դաստիարակուած է ընտանիքին մէջ: Անկեղծ ըսեմ, կը նախատեսէի աւելի շուտ հանդիպիլ ձեր հետ, բայց կ՝ուզէի նաեւ հանդիպումը յետաձգել, որպէսզի որեւէ սփոփող որոշում կայացուած ըլլար, որմէ ետք այս հանդիպումը տեղի ունենար: Այդ որոշումը կայացուեցաւ երկու շաբաթ առաջ»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ խօսքը կը վերաբերի Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամի շահառուներու թիւի ընդլայնման, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ աջակցութիւն ստանալու նաեւ 2015-ի Յունուարէն ետք տեղի ունեցած դէպքերուն հետեւանքով հաշմանդամութիւն ստացած անձերուն եւ զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներուն:
Վարչապետը նշած է, որ Ապրիլեան պատերազմի հետ կապուած յանցագործութիւններ եղած են:
«Արդէն ունինք այդպիսի բացայայտումներ, եւ բոլորին յայտնի դրուագը, որ ամենախոշոր եւ առաջին կաշառակերութեան բացայայտումներէն է, որ ուղիղ Ապրիլեան պատերազմի մասին էր, թէ ինչպէս օգնութիւնը, ներառեալ՝ զինամթերքը, զինուորներուն չէ հասած: Կը կարծեմ՝ բոլորս ալ գիտենք, որ այդ գործերը քննելու ոչ մէկ խոչընդոտ պիտի ըլլայ: Բայց, այնուամենայնիւ, այդ քննութիւնները պէտք չէ որեւէ կերպով ստուեր ձգեն մեր զինուած ուժերու եւ բանակի վրայ, որովհետեւ բոլորս ալ գիտենք, եւ ակնյայտ է, որ բարեխիղճ, անձնազոհ սպաներու եւ զինուորներու թիւը մեծ է, եւ ես համոզուած եմ, որ մեր զինուած ուժերու ե՛ւ բարձրաստիճան, ե՛ւ միջին օղակի, ե՛ւ ենթասպայական, ե՛ւ շարքային կազմի շատ մեծ մասը սեփական ծառայութեան իմաստը, նպատակը եւ առաքելութիւնը գիտակցող մարդիկ են եւ շատ փոքր թիւով մարդիկ են, որոնք կ՝առաջնորդուին հակառակ տրամաբանութեամբ: Ընդհանրապէս այդ հետաքննութիւնները, կը կարծեմ, Հայաստանի պետականութեան հեղինակութիւնը բարձրացնելու նպատակ ունին, եւ ոչ թէ հակառակը»,- նշած է վարչապետը:
Կառավարութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ խաղաղութեան հասնելու համար պէտք է բոլորը երթան բանակ, ծառայեն, բանակէն չխուսափին, իսկ ոմանք ալ կաշառք չվերցնեն եւ մարդոց ապօրինի չազատեն բանակէն:
«Եթէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կայ զինկոմ, որ ձեռքը կ՝երկարէ եւ դրամ կը վերցնէ՝ ոեւէ մէկը բանակէն ազատելու համար, պէտք է խստագոյնս պատժուի. ան ընդհանրապէս իրաւունք չունի Հայաստանի զինուած ուժերու սպայի կոչումը կրելու»,- շեշտած է Նիկոլ Փաշինեան:
Զոհուած զինծառայողներու ծնողները շնորհակալութիւն յայտնած են վարչապետին՝ ընդունելու եւ իրենց խնդիրները լսելու համար: Անոնք համոզում յայտնած են, որ իրականացած թաւշեայ յեղափոխութան եւ տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն իբրեւ արդիւնք հնարաւոր պիտի ըլլայ լիարժէք բացայայտելու շարք մը, ներառեալ՝ քառօրեայ պատերազմի ընթացքին իրականացած յանցագործութիւնները: