
Ռուս Սահմանապահները Ձերբակալած են Հայ-թրքական Սահմանը Ապօրինի Հատած Աֆղանիստանի Քաղաքացիներ
Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան Դաշնային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերը ձերբակալած են հինգ սահմանախախտ:
Վկայակոչելով ՀՀ-ի մէջ ՌԴ Դաշնային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ վարչութեան մամուլի ծառայութեան տեղեկութիւնները՝ Artsakhpress.am-ը կը տեղեկացնէ, թէ Արտաշատի սահմանապահ ջոկատի հերթափոխին կողմէ յայտնաբերուած է Աֆղանիստանի Հանրապետութեան հինգ քաղաքացի, որոնք Արաքս գետէն անօրինական հատած են հայ-թրքական սահմանը:
Ստուգողական համալիր քայլերու ընթացքին պարզուած է, որ բոլոր ձերբակալուածները մէկ ընտանիքի անդամներ են եւ ուղեւորուած են ԵՄ անդամ երկիրներ՝ կեանքի աւելի լաւ պայմաններ փնտռելու համար:
Սահմանախախտները հայ-թրքական պետական սահմանի անօրինական հատումը բացատրած են տարածքին ճիշդ չկողմնորոշուելու հանգամանքով:
Ձերբակալուածները՝ սահմանուած կարգին համաձայն՝ փոխանցուած են Հայաստանի իրաւապահ մարմիններուն՝ իրաւախախտման բոլոր հանգամանքները պարզելու համար:
Ռուս սահմանապահները յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեն սահմանապահ կէտերու բնակիչներուն՝ պետական սահմանի պահպանութեան աջակցելու համար: