Գծագրութիւններուս Միջոցով Մանկութիւնս կը Վերարժեւորուի. Ճոնաթան Շբանկենպերկ (լուսանկարներ)

Աշխարհ, Սփիւռք

Օգոստոս 17-ին, ժամը 17։00-ին, Գերմանիոյ Մարք Պրանտենպուրկի ամենահին տան մէջ տեղի ունեցաւ Ճոնաթան Շբանկենպերկի գեղարուեստական նկարներուն ցուցահանդէսին բացումը։

Ցուցահանդէսին ներկայացուած են Շբանկենպերկի մանկութեան եւ Այնճարի հետ կապուած անոր աշխատանքները։

1983-ին Գերմանիա ծնած Ճոնաթան Շբանկենպերկ իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը (1984-2004թթ.) անցուցած է Լիբանանի Այնճար գիւղին մէջ։ 2004-ին՝ ուսանելու նպատակով՝ վերադարձած է Գերմանիա, Լէվանդ։ 2008-ին՝ կեանքի ճանապարհը զինք տեղափոխած է Հայաստան, ապա՝ 2010-ին, Հիւսիսային Ափրիկէ եւ 2013-ին կրկին Լէվանդ։

Շբանկենպերկ արուեստ չէ ուսանած, բայց 2009-ին սկսած է զբաղիլ նկարչութեամբ։ «Նկարչութեամբ զբաղիլը ինծի համար շատ անհրաժեշտ կարիք մըն էր, այլ տարբերակ չէր կրնար ըլլալ»,- գերմանական թերթի մը հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է արուեստագէտը։

Ցուցահանդէսին ներկայացուած են Շբանկենպերկի մատիտով ու ջրաներկով աշխատանքները, որոնք կը խօսին իր մանկութեան ու պատանեկութեան մասին։ «Յիշողութիւններէս մաս մը շատ յստակ է, մաս մըն ալ շատ աղօտ։ Անոնք շատ տարբեր են»,- կը բացատրէ արուեստագէտը՝ ընդգծելով, թէ աղօտ յիշողութիւնները կը մղեն նորութիւններ ստեղծելու։ «Գծագրութիւններուս միջոցով մանկութիւնս կը վերարժեւորուի»,- կ՝ընդգծէ ան։

Ցուցահանդէսի բացումին, Շբանկենպերկի հայուհի տիկինը՝ Մարիան, ներկաներուն եւ իր ամուսինին նուիրած է հայերէն երգերու փունջ մը՝ կիթառի ընկերակցութեամբ Թոռալֆ Բոեչի։

Նշենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբեր 14։

Լուսանկարները Անթրէաս ֆոն Ուերդհայմի

 

 

Leave a Reply