Մայր Աթոռը Խստօրէն Կը Դատապարտէ ազրպէյճանի Կողմէ Իրականացուող Արցախի Հոգեւոր եւ Մշակութային Ժառանգութեան Հետեւողական Ոչնչացումը․ Յայտարարութիւն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Վրդովմունքով տեղեկացանք, որ ազրպէյճանի իշխանութիւնները հողին հաւասարեցուցած են Ստեփանակերտ քաղաքի Սուրբ Յակոբ եկեղեցին եւ յարակից տարածքին վրայ գտնուող խաչքարերն ու կոթողները, որոնք ըստ ազրպէյճանական աղբիւրներու իբր թէ անօրինական եւ կազմաքանդման ենթակայ կառոյցներ էին: Խիստ մտահոգիչ են նաեւ Ստեփանակերտի Առաջնորդանիստ Սուրբ Աստուածածին մայր տաճարի ոչնչացման վերաբերեալ ստացուող տեղեկութիւնները։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Մայր Աթոռը։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խստօրէն կը դատապարտէ ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուող Արցախի հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան հետեւողական ոչնչացումը։ Ակնյայտ է, որ ազրպէյճանի իշխանութիւնը կը շարունակէ թիրախաւորել հայկական քրիստոնէական սրբավայրերը՝ նպատակ ունենալով ջնջել հայկական հետքը Արցախէն։

Պետական մակարդակով իրագործուող այս վանտալութիւնը հերթական անգամ կը փաստէ, որ ազրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութիւնը որեւէ փոփոխութիւն չէ կրած, որմով եւ կասկածելի կը դառնան Հայաստանի հետ կայուն ու երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու մասին յայտարարութիւնները։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կոչ կ՝ընէ ՀՀ կառավարութեան ղեկավարին եւ իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հրատապ ու գործուն քայլեր ձեռնարկելու՝ կանխելու Արցախի հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան համակարգուած իւրացումն ու ոչնչացումը։

Կոչ կ՝ընենք նաեւ մշակութային ժառանգութեան պահպանութեամբ, տարածաշրջանին մէջ ժողովուրդներու խաղաղ համակեցութեամբ եւ փոխգործակցութեամբ շահագրգիռ բոլոր պետութիւններուն ու միջազգային կազմակերպութիւններուն ազդու միջոցներ ձեռնարկելու՝ կասեցնելու մշակութային ոճրագործութիւնները Արցախի մէջ։