«Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժումը Կը Դատապարտէ Ամենայն Հայոց Հայրապետի Դէմ Իրականացուած Գործողութիւնները
Խստիւ կը դատապարտենք նիկոլ փաշինեանի թիկնապահներուն եւ ոստիկաններուն կողմէ՝ Ամենայն հայոց Հայրապետի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ-ի դէմ Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ իրականացուած գործողութիւնները։
ՀՀ Կառավարութեան ղեկավարը այդկերպ հերթական անգամ ի ցոյց կը դնէ իր փոքրոգութիւնն ու ներքին վախերը՝ յենարան ունենալով բացառապէս ոստիկանական ուժերը։
Մենք մեր սատարումը կը յայտնենք Վեհափառ Հայրապետին ու անոր հետ գտնուած հոգեւոր հայրերուն։
«Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» քաղաքացիական շարժում