Լիբանանահայութիւնը Ժողովրդային Հաւաքով Միասնական Ո՛չ Ըսաւ Հողային Զիջումներուն Եւ Ողջունեց Հայաստանի Մէջ Պայքարողները

Հայաստան, Սփիւռք

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, Չորեքշաբթի, 8 Մայիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ «Միասնական ո՛չ հողային զիջումներու» խորագիրով ժողովրդային հաւաքով լիբանանահայութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց  Հայաստանի Տաւուշի մարզէն գիւղեր ազրպէյճանին յանձնելու որոշումին դէմ ընդվզումի շարժումին:

Բացման խօսքը արտասանեց Լութֆիկ Այվազեան: Ան ըսաւ, որ երբ վտանգը կը սպառնայ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի գոյութեան, իր ըսելիքը ունի Դաշնակցութիւնը… 2009-ի Դաշնակցութիւնը բարձրաձայն արտայայտեց իր ընդդիմութիւնը Հայաստան – Թուրքիա ցիւրիխեան արձանագրութիւններուն եւ իրաւացի դուրս եկաւ: Ան իրաւացի է նաեւ այսօր, երբ ոմանց ապիկարութեան, անկարողութեան եւ ստախօսութեան պատճառով կորսնցուցած ենք Արցախը եւ կը գտնուինք Հայաստանի Հանրապետութեան պետութեան պետականութեան, գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան կորուստի սեմին:

«Այժմ, զիջումներուն կարգը հասած է Տաւուշ: Վաղը այդ մէկը պիտի առաջնորդէ նոր զիջումներու Սեւանի, Ջերմուկի կամ Սիւնիքի մէջ, եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում ապահովելու գործընթացին մէջ, որպէսզի վերջնականապէս թաղուի հայկական հարցը: Այս է թուրքին ու ազերիին երազը», ըսաւ Լութֆիկ Այվազեան` աւելցնելով. «Հետեւաբար հաւաքուած ենք այսօր միասնաբար արտայայտելու մեր միասնական եւ միահամուռ ո՛չը: Ո՛չ անձնատուութեան եւ միակողմանի զիջումներուն»:

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր, «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան ողջունելով ներկաները յայտնեց, թէ իրեն համար մեծ պատիւ է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի համար ամէնէն կարեւոր այս ժամանակահատուածի ընթացքին գտնուիլ պայքարի հզօր օճախ հանդիսացող լիբանանահայ գաղթօճախին մէջ: Մինասեան ցաւ յայտնեց, որ տարիներ առաջ Եռատօնը գողցուած էր մեզմէ, Շուշին դաւադրաբար յանձնուած էր թշնամիին եւ թշնամին Եռատօնը վերածած էր սուգի: «Եկած է ժամանակը, որ մենք վերականգնինք. մեր յաղթանակները, մայիսեան յաղթանակները պատահականութիւն չեն մեր պատմութեան մէջ, արիւնով ձեռք բերուած յաղթանակներ են», յայտնեց Մինասեան: Ան նշեց, թէ ինչպէ՛ս Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն առաջ եւ ետք, ինչպէ՛ս քսանմէկերորդ դարուն հայ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ ցեղասպանութեան ու ինչպէ՛ս Արցախի կորուստէն ետք թշնամին անցած է յաջորդ յարձակման` Տաւուշի մարզէն, որ ամէնէն պաշտպանուած սահմանային հատուածն է Հայաստանի Հանրապետութեան:

«Սկսած է գործընթաց մը, որ Հայաստանի իշխանութիւններու ձեւակերպումով` խաղաղութեան փոխարէն սահմանազատման եւ սահմանագծումի գործընթաց է, որ խորքին մէջ միակողմանի զիջում է, չհիմնաւորուած որեւէ միջազգային իրաւունքով, որեւէ միջազգային սկզբունքով», շեշտեց Արծուիկ Մինասեան` ընդգծելով, որ չկայ այդպիսի խաղաղութիւն, որ հիմնուած ըլլայ զոհի անվերջ զիջումի եւ յանցագործի անվերջ ստանալու մօտեցման վրայ: «Ասոր դիմադրութեան համար պահանջուող հայ ժողովուրդի միասնական կամքը ձեւաւորուեցաւ Տաւուշի մարզին մէջ», նշեց Մինասեան` դիտել տալով, որ թշնամիի ուզածն է` մխրճուիլ ու գրաւել Տաւուշի հատուածը ու շարունակել դէպի Լոռի, Գեղարքունիք, ապա Սիւնիք: Արծուիկ Մինասեան քննադատեց Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեանին ու անոր հետեւորդներուն դէմ Հայաստանի իշխանութիւններուն շղթայազերծած վարկաբեկումի արշաւը` նշելով, որ այդ իշխանութիւններուն նպատակն է պահպանել իրենց սեփական աթոռները, բայց ոչ երբեք հայրենիքի ու հայութեան իրաւունքներու պահպանումը:

Եզրափակելով իր խօսքը` Արծուիկ Մինասեան բարձր գնահատեց զոյգ վեհափառ հայրապետներու համագործակցութեան հիմամբ ստեղծուած մթնոլորտը, որ «բարձր ոգեւորութիւն յառաջացուց հայութեան մօտ»: «Մենք իրաւունք չունինք մեր յաջորդ սերունդները գլխիկոր ձգելու, այս մեր սերունդի պայքարն է», ընդգծեց Մինասեան:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի իր խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ 6 տարիէ ի վեր Հայաստանի իշխանութեան եկած խումբին գահավիժող ու յանձնուողական ընթացքը, որ Հայաստանն ու հայութիւնը տարաւ դէպի պարտութիւններ ու կորուստներ: Ան նաեւ շեշտեց, որ նոյն վարչակարգը նաեւ աշխատանք տարաւ հարուածելու սփիւռքը, անջատելու հայրենիքի ու սփիւռքի միջեւ եղած մնայուն կապը, բաժանարար գիծեր դնելով եւ վատաբանելով` հասնելով մինչեւ իսկ Հայոց ցեղասպանութիւնը կասկածի տակ առնելու սահմանին: Ան դիտել տուաւ, որ այս բոլորը` ի ծառայութիւն թշնամիին եւ ապազգային շահերուն, ի վնաս հայրենիքին ու հայութեան:

Յակոբ Բագրատունի շեշտեց, որ այսօր արդէն պահը օրհասական է, հաւաքական զարթօնքի պահն է արդէն, հրամայական է հայուն պատիւի փրկութիւնը, որուն համար պէտք է համախմբուին ազգային իտէալին հաւատացող բոլոր ուժերը, որպէսզի փրկուի Հայաստանը, կանգ առնեն հողային զիջումները, Հայաստանն ու հայութիւնը մնան, իսկ Արցախն ու Հայաստանը յանձնող հողատու վոհմակը առանց ետեւ նայելու մեկնի Հայաստանէն: Ան ողջունեց Հայաստանի իրաւ յեղափոխականները, Տաւուշէն, Հայաստանի բոլոր շրջաններէն եւ սփիւռքէն Երեւան հասնող, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հայութեան ու Հայաստանի յանձնուողականութիւնը մերժող զանգուածները: (Խօսքին ամբողջութիւնը):

Տեսաուղերձով հանդէս եկան, պարզուած կացութիւնն ու առնուող քայլերը ներկայացուցին Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան նախագահ Սէյրան Օհանեան, որոնք նաեւ ողջունեցին ընդհանրապէս սփիւռքի, յատկապէս լիբանանահայութեան զօրակցական կեցուածքներն ու նեցուկը` Հայաստանի ու հայութեան, նաեւ` հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուող պայքարին:

Կոմիտաս արք. Օհանեան ընթերցեց Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ այս առիթով ուղղուած յատուկ պատգամը: