Այսօր Մենք Ամբողջ Ազգով Կը Վերապրինք Մեր Օրհասական Սարդարապատը. Պարգեւ Արք․ Մարտիրոսեան

Հայաստան

Ես լիովին կ՝աջակցիմ Բագրատ Արքեպիսկոպոսի նախաձեռնութեան։ Կը սատարեմ Միքայէլ Սրբազանին:

Ամբողջովին կը սատարեմ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի կոչն ու յայտարարութիւնը: Այսօր մենք ամբողջ ազգով կը վերապրինք մեր օրհասական Սարդարապատը: Այսօր հզօր պիտի հնչեն հայոց զանգերը մեր հոգիներուն մէջ՝ վասնզի սթափուելու եւ արթննալու ժամը եկած է: Բաւական է ստորադասուած ձեւով միակողմանի զիջումներ ընենք։ Թշնամիին ախորժակը անսահման է։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Արցախի թեմի նախկին առաջնորդ, Յատուկ յանձնարարութիւններով Հայրապետական նուիրակ Պարգեւ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան:

«Ինչո՞ւ չենք պահանջեր, որ թշնամին դուրս գայ Հայոց գրաւեալ տարածքներէն, ինչո՞ւ չենք պահանջեր մեր Արծուաշէնը, ինչո՞ւ չենք պահանջեր մեր գերիներու եւ Արցախի իշխանաւորներու ազատագրումը։ Ինչո՞ւ միակողմանի կ՝ականազերծենք մեր սահմանագիծերը։ Յանուն ինչի՞ պիտի հանենք մեր զինանշանէն Մասիս սարը։ Յանուն ինչի՞ պիտի փոխենք մեր սահմանադրութիւնը։ Ե՞րբ պիտի դասեր քաղենք պատմութենէն՝ որուն հաւատալ իսկ որուն ոչ։ Դեռ որքա՞ն պիտի ստորացուած ապրի հայ «հպարտ» քաղաքացին։ Վեց տարի է մենք կը տեսնենք քաղաքական իշխանութեան պարտութիւնները, որոնք դեմակոգիայի միջոցով կը փորձեն արդարացնել իրենց ըրածները։ Բաւ է մեզի վախցնել պատերազմի սպառնալիքով յանուն ձեր աթոռներուն կառչաց մնալու համար։ Աւելի լաւ է պատուով մեռնիլ քան յաւէտ ստորադաս ու վիրաւորական ստրկութեան մէջ ապրիլ:

Ժամն է վերականգնելու մեր արժանապատուութիւնը ու արիական ոգին։ Իսկական պահն է ստեղծելու նուիրեալ ու փրօ-հայկական իշխանութիւն, որ պիտի դառնայ մեր պետութեան ու ժողովուրդի տէրն ու տիրականը։ Այո, պատմութեան ընթացքին յաճախ եղած է, որ մեր Մայր Եկեղեցին ստիպուած եղած է արթնցնել մեր ժողովուրդը, միաբանել ու տանիլ դէպի փրկութեան ափերը։ Ես կը հաւատամ Հայոց ներուժին ու անոր գիտակցութեան։

Աստուած օրհնեալ պահէ Հայոց Ազգն ու Բանակը, մեր Պետութիւնն ու Մայր Եկեղեցին»։