Կիպրահայոց Թեմը Իր Անվերապահ Աջակցութիւնը Կը Յայտնէ «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժման

Հայաստան, Սփիւռք

Կիպրահայոց թեմը իր անվերապահ աջակցութիւնը կը յայտնէ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման։ Այս մասին նշուած է առաջնորդարանի Facebook-ի էջով տարածուած յայտարարութեան մէջ։

«Սուտի եւ կեղծիքի դէմ պայքարը կը շարունակուի` յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան»,- կ՝ըսուի յայտարարութեան մէջ։