Արցախը Մեզի Համար Անցեալ Չէ Եւ Ան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Օրակարգին Վրայ Առաջնահերթութիւն Է․ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին, Կիրակի, 21 Ապրիլ 2024-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս հայրապետական պատգամ յղեց հաւատացեալ ժողովուրդին` հիմնականօրէն անդրադառնալով արցախահայութեան տագնապին գծով լուծումներ որոնելու եւ արցախահայութեան տուն վերադառնալու իրաւունքը հաստատելու պայքարին մէջ հայ եկեղեցւոյ առած քայլերուն:

Կոմիտաս արք. Օհանեանի ձեռամբ մատուցուած Ս. պատարագին, հաւատացեալներու կողքին, ներկայ էին այս օրերուն կաթողիկոսարանին մէջ օրերս գումարուող համագումարի մասնակիցները:

Իր պատգամին մէջ, նախ եւ առաջ, վեհափառ հայրապետը վերյիշեցուց Քրիստոսի` իր աշակերտներուն վստահած առաքելութիւնը, որուն իրագործումին շնորհիւ ներկայիս մենք կը վայելենք հայ եկեղեցւոյ հովանին: Առ այդ, այս պրիսմակէն դիտելով հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը` վեհափառ հայրապետը դիտել տուաւ, որ հայ եկեղեցին միշտ ալ իր կեանքը նոյնացուցած է իր ժողովուրդի կեանքին հետ. այս իմաստով արցախահայութեան ներկայի հրատապ հարցերը կը պատկանին նաեւ մեր եկեղեցւոյ: Ան ընդգծեց, որ հայ եկեղեցին, իր մարգարէական կոչումին հաւատարիմ մնալով, յորդորողի եւ վտանգներու ու չարիքի դիմաց կեցուածք ճշդողի եւ ուղղողի դեր ստանձնած է` վկայ Ղեւոնդ Երէցներն ու Խրիմեան Հայրիկները:

Անդրադառնալով վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ արտայայտուող կեցուածքներուն, որոնց նպատակը լուսանցքայնացնել է հայ եկեղեցւոյ պատմական դերակատարութիւնը` Արամ Ա. կաթողիկոս ընդգծեց. «Նման երեւոյթներու եւ փորձերու դիմաց, իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս, մենք «ՈՉ» կ՛ըսենք. կը մերժենք նման մօտեցումներ եւ քայլեր` ոեւէ մէկուն կամ որեւէ իշխանութեան կողմէ: Այդ փորձերը խոտոր կը համեմատին մեր ժողովուրդին, եկեղեցւոյ առաքելութեան, մեր պատմութեան ոգիին ու վկայութեան»: Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան` նշելով, որ հայ եկեղեցին մէ՛կ եկեղեցի է` իր հայրապետական երկու աթոռներով. ուստի, որեւէ արարք, կեցուածք կամ արտայայտութիւն` ուղղուած Ս. Էջմիածինին, ուղղուած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, որովհետեւ մեր եկեղեցին մէկ է, եւ մենք չենք կրնար լուռ մնալ նման երեւոյթներու դիմաց:

Այս բոլորէն ետք, վեհափառ հայրապետը դիտել տուաւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. աթոռը իր առաքելութիւնը ըմբռնած է իբրեւ հաւատքի՛ առաքելութիւն եւ ազգային ծառայութիւն: «Մեր պատմութիւնը յստակ կերպով կը վկայէ, որ հոգեւորն ու ազգայինը, հայրենիքը, ազգն ու եկեղեցին մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն: Եկեղեցին ինքզինք պէտք չէ նոյնացնէ քաղաքական, պետական, կուսակցական կառոյցներու հետ. ան ինքզինք պէտք է նոյնացնէ Հայաստանի գերագո՛յն շահերուն եւ մեր ազգին իտէալներուն հետ», շեշտեց վեհափառ հայրապետը` միաժամանակ յիշեցնելով անցնող տարիներուն հայրենիքը յուզող հարցերուն ու մարտահրաւէրներուն նկատմամբ կիլիկեան Ս. աթոռին կեցուածքներն ու տեսակէտները: «Յաճախ ըսած ենք եւ պիտի ըսենք, թէ Արցախը մեզի համար անցեալ չէ. Արցախը մեզի համար մի՛շտ ներկայ է, մեր կեանքին մէջ մնայուն տագնապ է եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան օրակարգին վրայ միշտ առաջնահերթութիւն է», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս եւ այս առումով անդրադարձաւ «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ին կազմակերպած գիտաժողովին:

Բացատրելով հարթակին եւ այս գիտաժողովին նպատակները, մասնակիցներուն մասնագիտական եւ իրենց ոլորտներուն մէջ ազդեցիկ դերակատարութիւնը` վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս շեշտեց, որ Ս. աթոռը Արցախի ժողովուրդին հետ է եւ անոր տագնապին լուծման համար, միջազգային համայնքի երաշխաւորութեամբ, իրաւական եւ քաղաքական ուղիներու որոնման աշխատանքներ կը տանի, որովհետեւ Արցախի մէջ կատարուած ցեղասպանութեան դէմ պայքարը լոզունգներէ անդին կը պահանջէ գործնական քայլեր: Վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, որ հայութեան պատմութիւնը բնաւ զիջումի քաղաքականութեան պատմութիւն չէ եղած, այլ եղած է մարտունակ քաղաքականութեան պատմութիւն: Համայն հայութեան հայրենիք Հայաստանի ու Արցախի տագնապները նաեւ մե՛ր տագնապներն են, ըսաւ ան ու իր խօսքը եզրափակելով` յորդորեց. «Հետեւաբար, եկէ՛ք, սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց, Աստուծոյ օրհնութեամբ մեր հաւատքն ու մեր յոյսը վերահաստատենք` Արցախի եւ մեր հայրենի ժողովուրդին նկատմամբ: Եկէ՛ք, Աստուծոյ օրհնութեամբ, գործնապէս ցոյց տանք, թէ մենք մէ՛կ հայրենիք ունինք, մէ՛կ ազգ ենք եւ այս անանջատելի մէկութեան գիտակցութեամբ շարունակենք զօրավիգ կանգնիլ, գործնապէ՛ս, Արցախին, Հայաստանին եւ հայրենի մեր ժողովուրդի զաւակներուն»: