2024-ի Առաջին Եռամսեակին թուրքիայէն Հայաստան Արտահանումը Կազմած է 124,000 Տոլար

Աշխարհ, Հայաստան

թուրքիոյ առեւտուրի նախարարութիւնը եւ արտահանողներու խորհուրդը զեկոյց հրապարակած են 2024-ի առաջին եռամսեակին կատարուած արտահանման ծաւալներուն մասին։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «ԳԱՆՁԱՍԱՐ»-էն։

Արձանագրուած է, որ այս տարուան առաջին եռամսեակին Թուրքիոյ արտահանման ծաւալները ընդհանուր առմամբ կազմած են 63,7 միլիառ տոլար։
Անդրադառնալով սահմանակից դրացի երկիրներ կատարած արտահանման ծաւալներուն՝ տեղեկագիրը կը պարզէ, որ 2024-ի Յունուարէն մինչեւ Մարտ Թուրքիա կատարած է 5 միլիառ 948 միլիոն տոլարի արտահանում։
Դրացի երկիրներու կարգին ամենաշատ արտահանումը կատարուած է Իրաք եւ էրպիլ (2 միլիառ 731միլիոն 317 հազար տոլար), իսկ ամենաքիչ արտահանումը կատարուած է Հայաստան՝ 124,000 տոլար։