Հնդիկ Պարմանուհիին «Գողցուած» Կեանքը․ Դոկտ․ Հրայր Ճէպէճեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Գողը ուրիշ բանի համար չի գար, այլ միայն` գողնալու, սպաննելու եւ կորսնցնելու համար: Ես եկայ, որ կեանք ունենան եւ ա՛լ աւելի կեանք»:

(Աւետարան ըստ Յովհաննու 10:10)

Փետրուար 2024` Ճայփուր, Հնդկաստան:

Ճայփուր կը գտնուի Հնդկաստանի Ռաճստան նահանգին մէջ: Անիկա նստավայրն էր թագաւորական ընտանիքին, որոնք իշխեցին այս շրջանը եւ 1727 թուականին հիմնեցին այս «մանիշակագոյն» քաղաքը: Այս քաղաքին ճարտարապետութիւնը կը գլէ ու կ՛անցնի արուեստի բոլոր ճաշակներն ու հմտութիւնները եւ մինչեւ օրս կը հմայէ աշխարհի տարբեր երկիրներէն այցելուները եւ զբօսաշրջիկները:

Կեցած եմ ճարտարապետական կոթողի մը առջեւ, որպէսզի ունենամ յիշատակի նկար մը: Երբ կը պատրաստուէի նկարուելու, ինծի մօտեցաւ պարմանուհի մը` երեւի հազիւ տասը տարեկան: Փողոցներու մէկ անկիւնը, այսպէս ըսուած, աղբակոյտերու մէջ ապրող մանուկներէն է: Նայեցայ անոր դէմքին ու մազերուն, որոնք կ՛արտայայտէին իր ապրած շրջանի վիճակը, զոր կը բացայայտէին նաեւ հագուստները, կօշիկ չունէր, եւ չեմ ալ գիտեր, եթէ գիտէ անոր իմաստն ու կարեւորութիւնը. արդարեւ, անոր ոտքի մատները հաւասարած են ու կնճռոտած` անընդհատ բոպիկ քալելէն:

Հնդիկ պարմանուհին ունէր անմեղ աչքեր ու երեսին վրայ տակաւին յստակ են մանկութեան բարի արտայայտութիւնները: Ձեռքը ունէր քանի մը վարդեր, զորս պիտի փորձէր ծախել, որպէսզի վաստկի քանի մը ռուբբի: Ան նայեցաւ ինծի` առանց որեւէ արտայայտութեան: Ամչկոտութիւն չկար հոն, եւ տեսայ իր մանկական աչքերուն մէջ տակաւին ամուր կեցած արժանապատուութիւն մը: Արժանապատուութիւնը` կեանքին: Ան իր այս վիճակին մէջ թէեւ հետս չէր խօսեր, բայց ակներեւ էր անոր մէջ կեանքի նկատմամբ կուտակուած իր թախիծն ու ցաւը: Մանկութիւնը չապրող այս հնդիկ պարմանուհին կեանքը կ՛ուզէր: Ա՛յն կեանքը, որ իրմէ գողցուած է:

Շարունակեցի դիտել այս անմեղ հնդիկ մանուկ-պարմանուհին: Բայց չէ՞ որ ինք ալ իրաւունք ունի ապրելու` յար եւ նման շատ մը ուրիշ իրեն տարեկից մանուկներուն: Չէ՞ որ արժանապատիւ կեանք մը ունենալը եւ զայն ցանկալը ի՛ր ալ իրաւունքն է:

Երեւի մտորումներս իտէալական են: Իրական կեանքը բոլորովին ուրիշ վիճակի մէջ է: Աշխարհը այսօր կ՛ապրի անիրաւութիւններու, զրկանքներու, անարդարութիւններու, պատերազմներու ու, տակաւին, ցեղասպանութիւններու հոլովոյթները, ուր մարդկային արժէքները եւ անոնց հետ կեանքերը կ՛ոտնակոխուին ու կը բռնաբարուին: Աշխարհը այս բոլորին ականատես ըլլալով, երեւի միայն դիտորդի վիճակ մը ունի` առանց բան մը ընելու կամ կարենալ ընելու: Մարդուն կեանքը, արժանապատուութիւնը` իրենց ամբողջական հասկացողութեամբ, կը գողցուին, եւ համաշխարհային համակարգեր անկարող են վերադարձնել այդ գողցուածը:

Ճայփուրի մէջ այդ օր կեցած էի այս անմեղ մանուկ-պարմանուհիին քով, որ կը փորձէր իր գողցուած կեանքին բարւոք լուծում մը գտնել: Իսկ բարւոք լուծո՞ւմը:

Քրիստոնէական աստուածաբանութիւնը կու գայ ոչ միայն հակադրուելու  գողին, գողցողին ու գողցուածին, այլ նաեւ փոխարինելու այդ բոլորը եւ  նորը տալով` Քրիստոս Յիսուսի միջոցով, եւ որ կը բացատրուի աւելիի կեանքի իրականութեան մէջէն. «Ես եկայ, որ կեանք ունենան եւ ա՛լ աւելի կեանք» (Յովհաննու 10:10): Քրիստոսի աշխարհ գալը աննպատակ ու անձնական հաշիւներու համար չեղաւ: Ան եկաւ, որպէսզի տայ եւ ո՛չ թէ առնէ:

Իսկ Քրիստոսի տալը:

Քրիստոս տուաւ Իր կեանքը, երբ խաչուեցաւ ու մահացաւ, եւ Իր յարութեամբ ան հակադրուեցաւ գողին, իմա` մեղքին դէմ, յաղթեց անոր եւ մարդկութեան տուաւ նոր եւ աւելի կեանք:

«Աւելի» բառին յունարէն արմատը կը բացատրուի որպէս «փերիսոն», որ կը նշանակէ եւ կը բացատրուի` իբրեւ բարեբեր, անհաշուելի, անսակարկելի, բայց նաեւ` իրականութիւն մը, որ քանակական տուեալներով կարելի չէ պատկերացնել: Այս «աւելի»-ի կեանքը լեցուն է եւ ամբողջական, որ կու տայ եւ կը շնորհէ ուրախութիւն, երբ նոյնիսկ տխրութիւն կայ չորս դին: Այս «աւելի» կեանքի հիմքը զօրութիւն է, որ կը լիցքաւորէ մարդկային կեանքը կազմող հոգին ու մարմինը, եւ որ` հեռու կը պահէ երկչոտութենէ, որուն միջոցով անհատը կը դիմագրաւէ կեանքի բոլոր պատուհասները:

«Աւելի»-ի կեանքը չի խօսիր քանակական տուեալներու մասին, ո՛չ ալ` առողջութիւն պարգեւելու կամ յաջողութեան դիրքի ու պատիւի հասնելու: «Աւելի»-ի կեանքը կը խորհրդանշէ Աստուծոյ պատգամին եւ անոր իմացութեան գիտակցութիւնը, որ բանալին եւ հիմքն է «աւելի»-ի կեանքին: Այս պատգամը եւ անոր իմացութիւնն է, որ կը տանի մեզ ամբողջական կեանքի այս հասկացողութեան: «Աւելի»-ի կեանքը, որ ամբողջական սահմանում ունի, կը կեդրոնանայ հոգեւոր արժէքի գիտակցութեան վրայ, որ կը սկսի աշխարհին մէջ ու կը տանի յաւիտենական կեանքի իրականութեան: Այս բոլորը իրական կը դառնան, երբ մարդը կրնայ ստեղծել Աստուծոյ հետ իր անձնական յարաբերութիւնը: Այս յարաբերութիւն-կեանքին մէջէն է, որ քրիստոնեան կը մեծնայ ու կը զարգանայ. «Հապա աճեցէք մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքովը ու գիտակցութիւնովը» (Բ. Թուղթ Պետրոսի 3:18):

«Աւելի»-ի կեանքը կը փոխէ  մարդկային կեանքի նկատմամբ մեր հայեցակէտերը եւ դիտարկումները: «Աւելի»-ն ունի կարողականութիւններ փոխելու եւ ստեղծելու այն, որ գեղեցիկ է, զօրաւոր, արդար, եւ որ` անընդհատ կը ստեղծագործէ ու կը տքնի  նորը շինելու համար: «Աւելի»-ի կեանքը կու տայ ուժը դէմ դնելու մահուան, իմա` չարին ու մեղքին, անարդարութեան եւ անիրաւութեան: Դէմ դնելու` գողին ու գողութեան: Նորը շինելով` հոս աշխարհին մէջ, որ կը շարունակուի յաւիտենականութեան հասկացողութեան համար:

Հնդիկ մանուկը կ՛ուզէ ստանալ իրմէ գողցուած կեանքը:

Աշխարհ այսօր եթէ տագնապի մէջ է, քանի իր արժէքի կեանքը ու անոր հասկացողութիւնը գողցուած, սպաննուած եւ կորսուած է: Եթէ աշխարհ կ՛ուզէ վերագտնել իր արժէքը, կայ յարութեան իրականութեան շնորհած  նոր կեանքը: Այն կեանքը, որ ինծի, քեզի եւ մեր բոլորին պիտի տայ «աւելին»: Ա՛յն «աւելին», որ պիտի կերտէ մեր նոր կեանքերը:

Հնդիկ մանուկը կ՛ուզէ ստանալ իր գողցուած կեանքը:

Աշխարհը կ՛ուզէ վերատիրանալ իր արժէքի կեանքը, որ այսօր գողցուած է:

Եթէ պիտի արժեւորենք Քրիստոսի յարութիւնը այսօր, այդ պիտի նշանակէ, որ պիտի իւրացնենք եւ կառչինք «աւելի»-ի կեանքին: «Աւելի»-ի կեանքը, որ նորը պիտի շինէ:

Աշխարհ այսօր պէտք ունի այս ՆՈՐԻՆ:

Այս «աւելի»-ի կեանքին ձգտելու եւ անոր միջոցով ՆՈՐԸ շինելու միտումով:

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց:
Օրհնեալ է յարութիւնը Քրիստոսի:

Քույէթ, մարտ 2024