Հայրենի Հողի Չարդարացուած Զիջումները Երբեք Անվտանգային Միջավայր Չեն Կրնար Ապահովել. Մայր Աթոռ

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի Եպիսկոպոսներն ու Թեմակալ Առաջնորդները հանդէս եկած են յայտարարութեամբ Տաւուշի մարզէն տարածքներ յանձնելուն վերաբերեալ։

Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ յայտարարութեան մէջ նշուած է.

«Վերջին շրջանի զարգացումները այլեւս կասկած չեն ձգեր, որ Հայաստանի իշխանութիւնները Արցախի լիակատար հայաթափման եւ ՀՀ տարածքներու բռնագրաւման պայմաններուն մէջ, տեղի տալով ազրպէյճանէն հնչող սպառնալիքներուն, կը պատրաստուին վերջինիս յանձնել Տաւուշի մարզէն  տարածքներ նախքան ենթադրուող սահմանազատումն ու սահմանագծումը։

Պարտուողական այս մօտեցմամբ, տարածքային ցաւալի հերթական զիջումներով, ըստ էութեան, յաչս միջազգային հանրութեան կ՝օրինականացուին Հայաստանի տարածքներուն հանդէպ ազրպէյճանի կեղծ պահանջատիրութիւնը եւ դատապարտելի յաւակնութիւնները:

Եկեղեցին միարժէքօրէն կ՝ողջունէ խաղաղութեան հասնելուն ուղղուած բոլոր ողջամիտ ջանքերն ու գործընթացները: Անվիճարկելի է, որ միակողմանի զիջումներով «խաղաղութեան դարաշրջան» կերտելու` Հայաստանի իշխանութիւններուն որդեգրած քաղաքականութիւնը ոչ միայն անիրատեսական է, այլեւ՝ աղէտաբեր: Հայրենի հողին շուրջ սակարկումները եւ չարդարացուած շարունակական զիջումները երբեք անվտանգային միջավայր չեն կրնար ապահովել մեր ժողովուրդին համար։

Տեւական ու ամուր խաղաղութիւն հնարաւոր է կերտել ազգային արժանապատւութեան եւ իրաւունքներու հանդէպ լիարժէք յարգանքի դրսեւորման ու փոխադարձութեան սկզբունքի պահպանման պայմաններուն մէջ:

Կոչ կ՝ուղղենք ՀՀ իշխանութիւններուն` հրաժարելու պարտուողական գործելաոճէն եւ ծառացած հիմնախնդիրներուն շուրջ բանակցութիւններու մէջ ընթացք չտալու պարտադրուող այնպիսի լուծումներու, որոնք հայրենիքը պիտի կանգնեցնեն անվտանգային նոր մարտահրաւէրներու առջեւ։

Կոչ կ՝ուղղենք նաեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի ազգային, քաղաքական, հասարակական կազմակերպութիւններուն, հայրենիքի ապագայով մտահոգ ազգի բոլոր զաւակներուն` ներառեալ պետական պաշտօնատար անձանց` համախմբուելու եւ համազգային միասնականութեամբ պաշտպանելու ազգային-պետական մեր շահերը, ողջ ներուժով ներդրում բերելու պետականութեան ամրապնդման ու բարօր, ապահով գալիքի կերտման գործին։

Կը հաւատանք, որ մեր ժողովուրդին մէջ զօրեղ է հայրենանուիրումի եւ անձնականը ի սէր ազգի զոհաբերելու յանձնառութեան ոգին, ամուր` ազգային ինքնութիւնը պահպանելու նախանձախնդրութիւնը, եւ մենք Յարուցեալ Փրկիչի օգնութեամբ ու համընդհանուր ջանքերով ի զօրու ենք հեռացնելու արհաւիրքն ու չարիքը հայրենական մեր կեանքէն։

Սրտաբուխ աղօթքով կը յայցենք Երկնաւոր Տիրոջմէ, որ խաղաղութեան ու համերաշխութեան շնորհները հեղէ մեր երկրի եւ ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ անվտանգ ու անսասան պահէ Հայոց անկախ պետականութիւնը»։